Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Լաթաքիահայութեան տուած իր հովուական այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ նորանշանակ նահանգապետ դոկտ. Խալէտ Ուալիտ Ապազային։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Լաթաքիոյ Յարաբերական յանձնախումբի անդամը, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի ազգային երեսփոխաններ եւ թաղական խորհուրդի անդամներ։
Նահանգապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութեան առիթով։
Հանդիպումին ընդհանուր առմամբ անդրադարձ կատարուեցաւ տիրող իրավիճակին եւ տարածաշրջանը յուզող երեւոյթներուն մասին, բայց յոյս յայտնուեցաւ, որ մօտիկ ապագային, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Սուրիոյ հզօր բանակին ու անոր ղեկավար Վսեմաշուք Նախագահին իմաստութեամբ, ժողովուրդին կեանքը իր բնականոն վիճակին կը սկսի վերադառնալ։
Սրբազան Հայրը, յանուն թեմի զաւակներուն, առաւել ոյժ, կորով, համբերութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց նահանգապետին՝ իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօնը յառաջ տանելու եւ բոլորին հասնելով մեղմացնելու առկայ դժուարութիւնները։