Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Ս. Կոյս Մարիամի եռամեայ տաճար ընծայման։
Պատարագը մատուցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ս. սեղանը սրբազան հօր կողքին սպասարկեցին Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Պատարագին ներկայ էին Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, շրջանի Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ բժիշկ Մինաս Պալեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Կոյսին կեանքին, թէ ինչպէ՛ս ան իր կեանքը զոհեց դառնալու հսմար աշխարհի մայրը, ցոյց տալու համար հնազանդութեան եւ խոնարհութեան, մարդու կեանքի կերտման կարեւորագոյն յատկանիշները։
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ակնարկեց երիտասարդներուն ըսելով, որ այսօր անոնք հեռու են մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն, ուստի կոչ ուղղեց ընտանիքներուն քրիստոնէական եւ ազգային սկզբունքներու հիման վրայ դաստիարակելու իրենց զաւակները՝ Սուրբ Կոյսը որպէս տիպար ունենալով մեր երկրաւոր կեանքին մէջ։
Աւարտելով իր քարոզը, սրբազան հայրը մաղթեց, որ ուխտաւորները կարենան այս համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ պայքարիլ՝ իրենց ինքնութիւնն ու հաւատքը պահելու եւ դառնալու մէկական Աստուածամօր պատկերներ, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել արեւմուտքէն եկող բոլոր խափանիչ եւ խաբուսիկ թակարդներուն։
Ի վերջոյ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ նուիրեալները եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ու մաղթեց, որ յառաջիկայ տարիները առաւել խանդավառութեամբ , ուխտաւորի հասկացութեամբ եւ Աստուածային ներկայութեամբ լեցուի մեր եկեղեցին ու Աստուած բարգաւաճ օրեր պարգեւէ լաթաքիահայութեան։
Նայիրի Կարապետեան