Ամերիկացի ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուայթհաուս Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի հարցումին, սատարած են Հայաստանին եւ պաշտպանած արցախահայերու վերադարձի իրաւունքը:
«Մենք կը հաւատանք, որ քաղաքական բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին, եւ կը հաւատանք, որ հայերը Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունք ունին», ըսած է Մարքի:
Մինչդեռ ծերակուտական Ուայթհաուս դիտել տուած է, որ ինք եւ իր գործընկերը կ՛աջակցին Հայաստանին:

«Մենք շատ կը ցաւինք, որ տեղի ունեցած է այդքան շատ հայերու տեղահանում: Ես, մեղմ ըսած, հեռու եմ այն համոզումէն, որ հայերը կատարուածին համար մեղաւոր են: Եւ ես չեմ ուզեր անդրադառնալ զիս հիւրընկալող երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերուն. եթէ նիւթը այդ ըլլար, ես այդքան ալ գովաբանող չէի ըլլար», ըսած է Ուայթհաուս:
Մինչ այդ, ամերիկացի քոնկրէսական Ֆրենք Փալոն, որ ՔՈՓ29-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ ամերիկեան պատուիրակութեան կազմին մէջ հասած էր Պաքու, կիրակի երեկոյեան ընդհատած է այցելութիւնը եւ վերադարձած Միացեալ Նահանգներ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները:

Հանրապետական օրէնսդիրը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի հիմնադիրն է, անցեալ տարիներուն այցելած է նաեւ Արցախ, հեղինակած է Արցախի աջակցութեան, Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու մասին շարք մը օրէնսդրական նախագիծեր:
«Թուրան» լրատու գործակալութեան համաձայն, շաբաթ օր Ատրպէյճանի նախագահը ընդունած է ամերիկացի քոնկրէսականներու պատուիրակութիւնը, սակայն Փալոնին չեն արտօնած այդ հանդիպումին ներկայ գտնուիլ:

Լրատուամիջոցը կը յիշէ նաեւ, որ Կիրակի օր խումբ մը իշխանամէտ հասարակական կազմակերպութիւններ բողոքի ցոյց կատարած են Պաքուի մէջ այն պանդոկին մօտ, ուր իջեւանած էր քոնկրեսականը` իշխանութիւններէն պահանջելով «պատասխանատուութեան ենթարկել» ամերիկացի քաղաքական գործիչը:
Հանրապետական քոնկրէսականը մինչեւ հիմա չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնները: Փալոն շաբաթ օր միայն «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ ՔՈՓ29 կենսոլորտային խորհրդաժողովին կը մասնակցի` պնդելու, որ «Միացեալ Նահանգները տակաւին կը պայքարին եւ պիտի չհրաժարին կենսոլորտի վատթարացող ճգնաժամին դէմ պայքարի իրենց պարտաւորութիւններէն»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականներու պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին պնդած է, թէ Հայաստան կը վարէ ռազմականացման եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի քաղաքականութիւն, որ վտանգ կը ներկայացնէ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար կարեւոր է Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ վերջ դնել Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներուն: