Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը հանդիպում ունեցան Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եուսէֆ ալ-Ապսի պատրիարքին հետ, Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդարանէն ներս։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Պատրիարքը Հալէպ ժամանեց նախագահելու Սուրիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներու ժողովին։

Սրբազան Հայրը, յանուն Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին բարի գալուստ մաղթեց պատրիարքին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր հովանաւորութեամբ կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն։