Եթէ Ատրպէյճան նախապէս խաւեարային դիւանագիտութեամբ կաշառակերներ կը փնտռէր՝ միջազգային ընտանիքին պրիսմակէն հեռու պահելու իր հակաժողովրդավարական ոտնձգութիւններն ու հակահայկական դրսեւորումները, այսօր քարիւղի վաճառքով կը կաշառէ կենսոլորտի ապականութեան դէմ պայքարողները։
ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան տարեկան խորհրդաժողովը Ատրպէյճանի մէջ գումարելով եւ Ատրպէյճանի թէ՛ կլիմայական ապականութեան նպաստող քարիւղարտադրութիւնը, թէ՛ արցախահայութեան նկատմամբ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, թէ՛ հակաժողովրդավարական ու բռնապետական ոտնձգութիւնները անտեսելով, մեծ պետութիւններ անգամ մը եւս փաստեցին, որ միջազգային հանրութեան որդեգրած արժէքներու նշաձողը պահպանողները չեն, կլիմայական արդարութեան ջատագովները չեն, ոչ ալ Ատրպէյճանի եւրոպական արժէքներու հակոտնեայ կարգավիճակը նկատի կ’առնեն, այլ պարզապէս իրենց շահերէն մեկնած քարիւղային առեւտուրի կ’երթան Ատրպէյճան։
Ռուսական կազի փոխարէն Ատրպէյճանէն կազի ու քարիւղի արտահոսքը ապահովելու մտահոգութիւնն էր, որ կ’առաջնորդէր ՔՈՓ29-ի կազմակերպիչները։
Փաստօրէն ոչ թէ ժողովին ընթացքին, այլ անկէ վերջ շատ աննկատ ու անհամարձակ ձայներ հնչեցին Ատրպէյճանի կլիմայական ապականութեան նպաստող շարք մը ծրագիրներուն, Ատրպէյճանէն ներս ժողովրդավարական խախտումներուն, Արցախի հայաթափման ու անոր բնակչութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու ծրագրուած քաղաքականութեան մասին։
Այս իրողութիւնը, սակայն, պէտք չէ յուսահատեցնէ կլիմայական արդարութեան, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն, նոյնիսկ ժողովրդավարութեան համար պայքարողները։
Միջազգային ատեաններու, հարթակներու, դատարաններու մէջ տեւաբար պէտք է հնչեցնել իրականութիւններ, ոչ թէ պարզապէս թշնամական զգացումներէ մղուած, այլ յանուն կորսուած արդարութեան, յանուն ցեղասպանական նկրտումներու կանխարգիլման, յանուն Ատրպէյճանը անպատիժ չձգելու արդար պայքարին։
Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջը ցաւօք Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ չհաստատուեցաւ։ Պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի յիշէ այն պահը, երբ Ազգային ժողովին մէջ դէմ քուէարկուեցաւ ընդդիմութեան պահանջով գերիներու ազատ արձակման բանաձեւին։
Չկայ երկիր մը, որ իր ժողովուրդի զաւակներուն տարրական իրաւունքները պահանջելէ կը դադրի այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագրի մը քողին տակ։ Ընդհակառակը. խաղաղութեան համաձայնագիրը անհասկնալի կը թուի, երբ հայ գերիներ կը պահուին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ։
Խաղաղութիւնը միակողմանի ցանկութեամբ կամ քաղաքականութեամբ չ’իրականանար, այլ կը դառնայ ճնշման ու զիջումներ խլելու զէնք յարձակողապաշտի ձեռքին, եթէ հայկական կողմը իր իրաւունքներուն, իր ժողովուրդին տիրութիւն չընէ, այլ յագուրդ տայ արտաքին ճնշումներու՝ անձնատուութեան քաղաքականութիւն վարելով։
ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքը վստահաբար պիտի շարունակուի հայորդիներու ազատ արձակման, անոնց եւ արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Կը մնայ յուսալ, որ ՀայաստանիՀանրապետութիւնը իր լիարժէք դերը ունենայ եւ իշխանութիւնները իրենց քաղաքականութեամբ չխոչընդոտեն լոպիինկի նման գործընթացները, իրենց իսկ ժողովուրդի զաւակներուն համար տարուած պայքարին հարուածելով։