ԻՆՉՊԷՍ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼ ՁՄՌԱՆ ՑՈՒՐՏ ՕՐԵՐԸ

Ձմռան ցուրտ եղանակէն կրնանք պաշտպանուիլ, եթէ ուշադրութիւն դարձնենք մեր սնունդին, մարմինի դիմադրողականութիւնը ուժեղացնող  միջոցներու դիմենք եւ ցուրտէ պաշտպանող հագուստ հագնինք։
Ձմռան ցուրտին դիմանալու, մարմինը ջերմացնելու եւ կենսուժով զինելու համար կրնանք դիմել հետեւեալ միջոցներուն։
Տաք ապուր։ Ձմռան ցուրտին շատ հաճելի են տաք ապուր պատրաստելն ու ճաշակելը: Որպէս տաքցնող եւ կենսուժ հայթայթող ուտեստ, սննդագէտներ կը թելադրեն ուտել ծեծածով, ոսպով, բանջարեղէնով պատրաստուած ապուրներ, որոնք ե՛ւ դիւրամարս են, ե՛ւ սննդարար, ե՛ւ կը ջերմացնեն մարմինը։ Ապուրներուն չափ ալ կարեւոր են համեմները, յատկապէս կարմիր պղպեղը, տաքդեղը եւ կոճապղպեղը, որոնք եւս կը ջերմացնեն մարմինը եւ կը զօրացնեն անոր նիւթափոխանակումը:
Հեղուկներ։ Ձմռան ցուրտէն մաշկը շատ կը չորնայ եւ այս եղանակին եւս ամռան նման մեր մարմինը ջրազրկման հարց կրնայ ունենալ: Այս պարագային օգնութեան կը հասնին տաք թէյերը: Խորհուրդ կը տրուի թէյերուն աւելցնել տաքցնող համեմներ՝ կասիա, կոճապղպեղ, մեխակ եւ այլն։ Նախընտրելի է թէյերուն ճերմակ շաքարաւազի փոխարէն աւելցնել մեղր։
Իւղ։ Ինչպէս բաւարար քանակով հեղուկը, այնպէս ալ իւղերը կարեւոր են յատկապէս ձմռան ցուրտին: Օգտագործեցէ՛ք առաւելաբար ձիթապտուղի ձէթը եւ բնական, գիւղական կարագը եւ ձկան իւղը: Իւղերը անհրաժեշտ են, ոչ միայն մարմինի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու, այլեւ աղիքներու լաւ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ մաշկի խոնաւութիւնը եւ թարմութիւնը պահելու համար։ Զգուշացէ՛ք սակայն սառած իւղատեսակներէն, որոնք մարմինի ճարպակալման պատճառ կը դառնան եւ օգտակար չեն։
Չիր, Չամիչ, Արմաւ։ Չիրը, չամիչն ու արմաւը ոչ միայն կենսանիւթերով հարուստ են, այլեւ մարմնին կը հայթայթեն ջերմութիւն եւ եռանդ, յատկապէս ցուրտ օրերուն։ Ուստի ջանացէք օրական դրութեամբ սպառել գէթ ափ մը չիր, չամիչ կամ արմաւ։
Բաւարար քուն։ Ձմռան աւելի կանուխ պէտք է քնանալ։ Փորձեցէ՛ք սովորականէն աւելի կանուխ աւարտել օրուան գործերը եւ 1-2 ժամ աւելի շուտ քնանալ: Բաւարար քունը կը զօրացնէ մարմինին դիմադրողականութիւնը եւ հաւասարակշռուած կը պահէ հորմոնները։
Շրջապատի իրեր։ Ձեր սենեակին մէջ  աւելցուցէ՛ք ջերմ գոյներով իրեր, ծաղիկներ, լաւ յուշեր արթնցնող նկարներ: Աշխատեցէ՛ք յաճախակիօրէն  հանդիպիլ ձեր ընկերներուն հետ, այլ խօսքով՝ տաքուկ միջավայր ստեղծեցէ՛ք ձեզի համար եւ պիտի տեսնէք, թէ ձմեռը ինչպէ՛ս պիտի դառնայ հետաքրքրական ու հաճելի եղանակ:
***
Խոհագիր
————-

ՍՈՒՆԿՈՎ ԱՊՈՒՐ

Բաղադրութիւն
10 կտոր սունկ (մանրուած)
2 միջակ սոխ
2 ապուրի դգալ ալիւր
1 ապուրի դգալ կարագ, 1 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
4 գաւաթ հաւու արգանակով եռացած ջուր
Կէս գաւաթ քրէմ ֆրէշ
Պտղունց մը աղ եւ ճերմակ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Տապակի մը մէջ դնել կարագը եւ ձիթաիւղը, ապա տապակը տեղափոխել մարմանդ կրակի վրայ։ Աւելցնել կիսալուսնաձեւ մանրուած սոխը, թմրեցնելէ ետք, աւելցնել մանրուած սունկը եւ խառնել մինչեւ որ կակուղնայ։
Աւելցնել ալիւրը եւ խառնել, ապա աւելցնել հաւու արգանակով ջուրը եւ անընդհատ խառնել մինչեւ որ ջուրը թանձրանայ։
Աւելցնել աղը, ճերմակ պղպեղը, ապա քրէմ ֆրէշը ու շարունակել խառնել՝ մինչեւ որ լուծոյթը եռայ։
Քանի մը վայրկեան ցած կրակով եփել ու կրակը մարել։ Զարդարել մանրուած ազատքեղով։
Բարի ախորժակ։