Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքին ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի վերջնականացման համար իրականացուած աշխատանքները՝ ընդգծելով պայմանագիրի ստորագրման կարեւորութիւնը: «Արարատ Միրզոյեան եւ Անալենա Պերպոքը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հարցերու շուրջ: Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման համար անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է գործընթացի վերջին զարգացումները՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի վերջնականացման համար իրականացած աշխատանքները՝ ընդգծելով պայմանագիրի ստորագրման կարեւրութիւնը: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է Հայաստանի կառուցողական մօտեցումը տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով՝ որպէս խաղաղութեան օրակարգի, ինչպէս նաեւ աւելի լայն աշխարհագրութեամբ տնտեսական փոխկապակցուածութեան խթանման կարեւոր բաղադրիչ», «Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն՝ նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ Արարատ Միրզոյեան եւ Անալենա Պերպոք քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ գործընկերութեան հետագայ ընդլայնումի կարելիութիւները։