Հայաստան պիտի չմասնակցի 28 Նոյեմբերին Աստանայի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ նախաձեռնութիւններուն, սակայն դէմ չէ, որ նախատեսուող փաստաթուղթերը ընդունուին, ըսած է կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչը: Այս մասին գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն:

Մասնաւորապէս, Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի եւ կազմակերպութեան առանցքային մարմիններու՝ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստերը, յայտնած է ՀԱՊԿ մամուլի ծառայութիւնը։

Նախաձեռնութեամ մէջ կը նախատեսուի միտքեր փոխանակել հաւաքական անվտանգութեան տարածաշրջաններու մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ, ամփոփել համագործակցութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քննարկել Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 80-ամեակի համատեղ տօնակատարութեան ծրագիրները։