Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը 22 Նոյեմբերին Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց.

«Խիստ մտահոգուած եւ անհանգստացած ենք Միջին Արեւելքի մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ ահագնացող անվտանգային իրավիճակով եւ անթոյլատրելի կը նկատենք խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛աջակցի Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ գործօն մասնակցութեամբ` հայկական խաղաղապահ զօրախումբի միջոցով, իր ներդրումը կ՛ունենայ Լիբանանի անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ»: