«Ազդակ»- «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը Երեքշաբթի գիշեր հաղորդեց. «Գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք պիտի հրապարակուի ամերիկեան-ֆրանսական հաղորդագրութիւն մը, որ պիտի յայտարարէ Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գոյացումը:
Պատկերասփիւռի կայանը աւելցնելով ըսաւ. «Կը նախատեսուի, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք հրապարակէ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ ամերիկեան-ֆրանսական հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը ողջունող հաղորդագրութիւն մը»:
Նշենք, որ Լիբանանի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 9:30-ին ժողով մը գումարեց:
Լիբանանեան պետական աղբիւր մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութեան նիստի գումարումը կ’առնչուի Իսրայէլի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան նախագիծի վաւերացման»:
Կառավարական աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին. «Զինադադարի համաձայնութիւնը վաղը վարչապետարանէն պիտի յայտարարուի»:
Լիբանանեան պետական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին շեշտած է. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը զինադադարի միակ շրջագիծն է, եւ համաձայնութիւնը պիտի գործադրուի փուլ առ փուլ եւ 60 օր երկարող ժամանակամիջոցի մը ընթացքին»:
«Հնգանդամ յանձնախումբը պիտի հսկէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարին, երբ անիկա ուժի մէջ մտնէ», նշեց աղբիւրը:
Ըստ տեղեկութիւններու, կը նախատեսուի ստեղծումը Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Իսրայէլի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակցութեամբ յանձնախումբի մը, որուն պարտականութիւնը զինադադարի գործադրութեան հսկողութիւնը պիտի ըլլայ: