Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը Պաքուին եւ Երեւանին մինչեւ 12 Նոյեմբեր 2025 ժամանակ տուաւ ցեղային խտրականութեան դէպքերու վերաբերեալ փաստաթուղթեր պատրաստելու: Այս մասին կը նշուի դատարանի «Էքս»-ի էջին վրայ:
Կը յիշուի, որ կողմերը պէտք է հերքեն գործի էութեան վերաբերեալ հակառակ կողմին փաստարկները:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան Հայաստանի դէմ հայց ներկայացուցած է Լա Հէյի մնայուն իրաւարարութեան դատարան՝ Հայաստանը մեղադրելով «բռնագրաւումի» ժամանակ ուժանիւթային հարստութիւններու նկատմամբ «գերիշխան իրաւունքներու» բազմաթիւ խախտումներու համար:
Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, այս հայցը վերջին զարգացումն է միջազգային դատավարութեան մէջ, որ սկսած է 27 Փետրուար 2023 թուականին, երբ Ատրպէյճան իրաւարարութեան ծանուցում ուղարկած է Հայաստանին:
Կը նշուի նաեւ, որ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ փոխհատուցում պահանջել Հայաստանի կողմէ ուժանիւթային ներուժի նկատմամբ «գերիշխան իրաւունքներու» խախտման համար: