ԱՄՆ-ի կողմէ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու վերաբերեալ որոշումը կ’ազդէ նաեւ  Թուրքիոյ վրայ։ Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ կենսուժի եւ  բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար։
Ըստ նախարարին, նման պատժամիջոցներ կրնան դժուարացնել Թուրքիոյ համար կազի գնումը։ Ուստի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը այդ հարցին համար կը շարունակէ բանակցութիւններ վարել։
Պայրաքթար նաեւ մատնանշած է, որ տարեվերջին կը լրանայ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կազի առաքման համաձայանգրի ժամկէտը եւ անդրադարձած է Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիան կազային հանգոյց դարձնելու վերաբերեալ յայտարարութեան։
Նախարարը նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիա կը քննադատէ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները Ռուսիոյ դէմ՝ բացառութեամբ ելեկտրականութեան ու սնունդի վերաբերեալ սահմանուած պատժամիջոցներուն եւ աւելցուցած, որ այդ քայլով իրենք չեն հասկնար Պայտընի վարչակարգին նպատակը։
Պայրաքթարի դիտարկմամբ՝ այդ ապաշրջափակումը դժուար է մէկ գիշերուան մէջ վերացնել, բայց եթէ Թուրքիոյ համար բացառութիւն չըլլայ այդ հարցին մէջ, կը նշանակէ, որ այդ պատժամիջոցները ուղղուած կ’ըլլան ոչ թէ Ռուսիոյ, այլ Թուրքիոյ։