Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները մարդկային զոհերու կողքին գործեցին աւերներ մայրաքաղաքի յատկապէս հարաւային արուարձանին մէջ, միեւնոյն ժամանակ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան պատճառ դարձան։ Հարաւային շրջանի բնակչութեան նկատառելի մէկ տոկոսը ներքին տեղաշարժի դիմեց ու հաստատուեցաւ մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջանները։
Յարձակումներուն հետեւանքով ազդուեցաւ նաեւ Լիբանանի տնտեսութիւնը, յատկապէս զբօսաշրջութեան եւ առեւտրական ոլորտները։ Օդակայաններու աշխատանքի սահմանափակումը, Սուրիա-Լիբանան սահմանային անցակէտերու հրթիռակոծումը Իսրայէլի կողմէ մեկուսացնելու փորձ մըն էր, որպէսզի զինադադարէն ետք կնքուած որեւէ համաձայնութեան մէջ Իսրայէլ փորձէ պարտադրել իր օրէնքները, ԱՄՆ-ի ուղղակի աջակցութեամբ։
Այս կացութենէն օգտուիլ կը փորձեն Սուրիոյ հիւսիսային կարգ մը շրջաններ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, եւ հեռու չէ որ Թուրքիոյ հրահրումով։ Երէկ գիշեր Հալէպի արեւմտեան արուարձաններու մէջ յարձակումներ գործելով անոնք փորձեցին յառաջխաղացք արձանագրել, սակայն սուրիական բանակը հակադարձելով կասեցուց անոնց յառաջացման կարելիութիւնը։
Իսրայէլ կը շարունակէ հրթիռակոծել սուրիական հողերուն վրայ գտնուող թիրախներ, պատրուակելով որ Իրանի կամ Հըզպալլայի կեդրոններ կը հրթիռակոծէ։ Իրականութեան մէջ Սուրիա-Լիբանան սահմանը հարուածելով Իսրայէլ կը ջանայ նաեւ մեկուսացնել Սուրիան, ապա ապահովական գօտի հիմնելու պատրուակով թափանցել հարաւային շրջան։
ԱՄՆ եւ Ռուսիա բնականաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտեն Իսրայէլի ոտնձգութիւնները Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ անոնք իրենց ազդեցութեան շրջանները կը ջանան պահպանել եւ նոր ուժերու ազդեցութեան առիթ չընծայել սուրիական հարցի լուծման մէջ։
Միւս կողմէ Թուրքիա-Իսրայէլ մասամբ սրած յարաբերութիւնները կրնան Սուրիոյ մէջ թրքական ազդեցութեան շրջաններու լարման առաջնորդել, որովհետեւ Թուրքիա եւս ապօրինաբար թափանցած է Սուրիա եւ կը ջանայ իր շահերը հետապնդել սուրիական հարցի լուծման գործընթացքին մէջ։ Այս կանխատեսութեամբ է որ սուրիական բանակը կը հարուածէ զինեալ խմբաւորումներու կեդրոնները, կը ջանայ ետ մղել զիրենք ու յատկապէս հիւսիսային շրջանին մէջ անոնց թաքստոցները հրթիռակոծել։
Ռուսիա-Սուրիա որպէս դաշնակիցներ պիտի գործակցին պաշտպանելու շրջանը իսրայէլեան յարձակումներէ, որուն կողքին թրքական թափանցումները եւ սուրիական հողերուն վրայ օտար ուժերու ներկայութիւնը սահմանափակելու համար ամէն ճիգ պիտի թափեն այս շրջանին։
Սուրիական տագնապի լուծման պիտի նպաստեն երկրէն ներս իրականացուող բարեփոխումները, արաբական աշխարհի հետ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնն ու Սուրիոյ դաշնակից երկիրներու աշխատանքային համակարգումը։
Թրքական կողմին դուրս բերման ուղղուած սուրիական ջանքերը այս շրջանին կրնան կրկնապատկուիլ, եթէ նկատի ունենանք, որ Թուրքիա ինք եւս կրնայ թիրախ դառնալ իսրայէլեան ծաւալապաշտական ախորժակներուն, եթէ դրացի երկիրներու հետ չբարելաւէ իր յարաբերութիւններն ու փակ սահմանները չբանայ։