ՍԵՄ-ի 45-ամեայ գործունէութիւնը հալէպահայ գաղութին տրամադրեց կազմակերպ եւ ժիր երիտասարդութիւն, որ յատկանշուած է գաղափարական յենարանով ու աշխատասիրութեամբ։ Միութեան 45-ամեակը յիշատակուեցաւ փառաւոր հանդիսութեամբ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի կեդրոնական Վարչութեան, Կիրակի, 24 Սեպտեմբերին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։ Սրահի մուտքի դահլիճին մէջ ՍԵՄ-ի 45-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին սրբազան հայրը, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներն ու ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը։
Ցուցադրուած էին օրացոյցներ, յուշանուէրներ, որմնազդներ,  լուսանկարներ եւ ՍԵՄ-ի առօրեան ներկայացնող
տեսերիզ մը։
Ցուցադրուած իւրաքանչիւր բաժինի դիմաց ՍԵՄ-ականներ բացատրութիւն կու տային այցելուներուն տուեալ բաժինին շուրջ։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիսութեան բացումը, որուն ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին եւ Հայ Աւետարանական Համայնքապետին ներկայացուցիչները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, Պատկան Մարմինի, Ազգային Իշխանութեան, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդր. վարչութիւններու, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Բացման պահուն հնչեցին Սուրիոյ եւ  Հայաստանի քայլերգները, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։
Հայերէն բացման խօսքով Անժելա Չաղլասեան ըսաւ, որ ՍԵՄ-ը եղած է այն միութիւնը, որ լուսարձակի տակ պահած է
հայ ինքնութիւնը պահպանելու եւ անկախութիւն կերտելու ուղին: Ապա դիտել տուաւ, որ ՍԵՄ-ի ծոցին մէջ թրծուած սերունդներ իրենց անձերը զոհաբերած են ոչ միայն հայաբնակ թաղերու պաշտպանութեան սրբազան գործի բագինին, այլ նաեւ Արցախի ազատագրութեան ու պաշտպանութեան սրբազնագոյն առաքելութեան:
Արաբերէն խօսքով Պարսում Չուլճեան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կարեւորութիւն կ’ընծայուի երիտասարդութեան։ Երիտասարդութիւնը իր զարգացման գործընթացքին մէջ կը վայելէ յատկապէս երկրի նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի զօրակցութիւնը։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՍԵՄ-ականներէ կազմուած երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Քահքէճեանի։ Երգչախումբը երգեց ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը, թնդացնելով սրահը, վեր առնելով Արցախի ու Հայաստանի համար նահատակուած հերոսները, ներառեալ ՍԵՄ-ական նահատակները, գովերգելով մեր հայրենիքը։
Օրուան հանդիսավար Վանայ Պարմաքսըզեան երիտասարդութեան առաքելութեան առնչուող մէջբերումներով լուսարձակի տակ առաւ միութեան հիմնադրութեան նպատակն ու երիտասարդութեան դերը հայ կեանքէն ներս։
Բեմին վրայ պաստառով կը ցուցադրուէին 45-ամեակի նշանակն ու յայտագրին մասին պատմող պատկերներ։
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ ասմունքով, պարով, ՍԵՄ-ի առաքելութիւնը նկարագրող տեսերիզի ընկերակցութեամբ ՍԵՄ-ական ընկեր-ընկերուհիներու ներկայացուցած տեղեկութիւններով, ապա կրկին պարով ու ՍԵՄ-ականներու ժողովը ներկայացնող կենդանի պատկերով մը։
Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ Կարո Մանճիկեան։ Ան սկսելով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջ ձեւաւորուած Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութներու կազմութենէն եւ հայութեան պահանջատիրական պայքարի առաջին փուլերէն, կարճ պատմական մը ներկայացուց Միջին Արեւելքի մէջ՝ նախ Լիբանանի ապա Սուրիոյ մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան  երիտասարդական միութիւններու հիմնադրութեան եւ հայութեան կեանքի տարբեր փուլերուն երիտասարդութեան ունեցած դերին՝ սկսելով 80-ականներու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուած մարտական գործունէութիւններէն, անցնելով Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքէն, հասնելով մինչեւ Արցախի ազատագրական պայքար եւ վերջին պատերազմ, ապա անդրադարձաւ գաղափարական եւ հայրենասիրական դաստիարակութեան բովէն անցած դաշնակցական  երիտասարդներու առաքելութեան։
«Դաշնակցական երիտասարդութեան ուխտին՝ «Ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին» դէմ այսօր ցցուած են բազմաթիւ ու բազմերանգ հետեւեալ մարտահրաւէրները
– Պահել ու պաշտպանել Հայաստանի անկախութիւնը, անոր հողային թէ ազգային ամբողջականութիւնը։
– Ամուր պահել, օր ըստ օրէ, մաշող հայկական սփիւռքը։
– Դիմակայել հայութեան սպառնացող շրջանային ու միջազգային խաղերուն։
– Նոր թափով եւ ուժականութեամբ շարունակել օր ըստ օրէ դժուարացող Հայ Դատի հետապնդումը։
– Իւրաքանչիւր սփիւռքեան գաղթօճախի մէջ տէր կանգնիլ հայութեան ու անոր ազգանուէր կառոյցներուն», ըսաւ
Մանճիկեան եւ մաղթեց, որ նոր մարդուժի պատրաստումը առաջնահերթ նպատակ դարձնելով ՍԵՄ-ը նոր թափով դիմագրաւէ այս մարտահրաւէրները ու գործնական լուծումներու տեսլականով առաջնորդուի։
Աւարտին ան շնորհաւորեց  չքնաղ երիտասարդներու միութեան 45-ամեակը ու բարի երթ մաղթեց ՍԵՄ-ին։
Ապա ելոյթ ունեցաւ ՍԵՄ-ականներէ կազմուած նուագախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանի։ Նուագախումբը լարային եւ հարուածային գործիքներով հնչեցուց ազգային-յեղափոխական երգերու եղանակներ։
 Հանդիսութեան աւարտին հնչեց ՀՅԴ քայլերգը, որմէ ետք Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը խօսք առնելով շնորհաւորեց ներկաները նման հպարտութիւն առթող երիտասարդութիւն ունենալու համար, դիտել տալով որ այս ձեռնարկով մեզի պարզ դարձաւ երիտասարդութեան ապագայատեսիլ նուիրումն ու ծառայութեան պատրաստակամութիւնը հայութեան ու Հայաստանին։
Սրբազան հայրը հաստատեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն Հայաստանն ու Սփիւռքը ունին ապագայի տեսիլքով ապրող ու ստեղծագործող, Աստուածային շնորհքով հասակ առնող երիտասարդութիւն, որ կ’երաշխաւորէ մեր ապագան։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Անի Պօղիկեան