Չորեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2024-ի
առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի
Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Ս. Արք.
Աշգարեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ
խորհրդարանի երեսփոխաններ մեթր
Մարիա Գաբրիէլեանի եւ պր. Ապտօ
Մուսալլիի հետ: Հանդիպումին
մասնակցեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգային վարչութեան ատենապետ` պր.
Ժիրայր Ռէիսեան եւ անդամ` մեթր Նորա
Գրաճեան:

Երեսփոխանները համառօտ զեկոյց
փոխանցեցին խորհրդարանի
աշխատանքներուն մասին, ի մասնաւորի
ժողովուրդին դիմագրաւած բազմաթիւ եւ
բազմապիսի դժուարութիւններու
իսկական պատկերը խորհրդարանի
սեփականութիւնը դարձնելու
անհրաժեշտութեան, միաժամանակ
երկրի ապրած ծանր պայմաններուն մէջ,
ըստ կարելւոյն, հասարակութեան
մտահոգութիւնները փարատելու
միջոցներ որոնելու
հնարաւորութիւններուն մասին:

Երեսփոխանները հակիրճ ձեւով
տեղեկանք հաղորդեցին անցնող
շաբաթներուն խորհրդարանի կողմէ
վաւերացուած կարեւորագոյն
օրինագիծերուն շուրջ` ընդգծելով երկրի
սահմանադրական յօդուածներու
արտացոլումը ընդունուած որոշումներուն
մէջ:

Երեսփոխանները նաեւ անդրադարձան
հայ համայնքին վերաբերող կարգ մը
աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ
նախագիծերուն:

Թեմակալ Առաջնորդը իր հայրական
օրհնութիւնը փոխանցեց
երեսփոխաններուն, քաջալեր
հանդիսացաւ անոնց կողմէ ի գործ
դրուած ջանքերուն, աղօթելով երկրի
խաղաղութեան ու բարօրութեան համար: