«…Բաւակա՛ն է, չպէ՛տք է լռել»
Հայաստանի պատկերասփիւռի Հ1 կայանը Կիրակի, 24 Նոյեմբերին ներկայացուց «Մեծ բանավէճ» խորագրեալ հանդիպում մը, որ վրան-բաց խեղկատակութիւն էր, հետեւութեամբ «բաց-պատարագ» հասկացութեան:
Հայաստանի իրաւական-դատական մարզի բարեփոխման մեկնակէտով (ի՞նչ եղած է, ի՞նչ պէտք է ըլլայ), տեսակէտներ յայտնելու հրաւիրուած էին վեց անձնաւորութիւններ: Շարժառիթը՝ այս համակարգին մէջ ՔՊ-ապետին նորագոյն կամայականութիւնն էր: Հաղորդումը կը վարէին կայանի տխրահռչակ երկու դրածոները, որոնցմէ մէկը ծանօթ է իշխանութեան ի նպաստ քարոզչական հարցազրոյցներ ներկայացնելով, իսկ միւսը հռչակ շահած է ՔՊ-ապետին հլու կամակատարը ըլլալ ցուցահանող՝ անոր հետ (իբրեւ թէ) հարցազրոյցներ վարելու «վաստակով» (ուրիշ գործեր ալ կ’ընէ): Այլ խօսքով, ոսպնեակին դիմաց կային 8 հոգի:
Հրաւիրեալներէն երկուքը իշխանութեան յստակ ընդդիմադիրներ էին, երրորդ մը՝ ՔՊ-ի, այսինքն՝ իշխանութեան ներկայացուցիչը, իսկ մնացեալ երեքը իշխանութեան կողքին կանգնողներ, որոնք կը սիրեն երբեմն ընդդիմադիր խաղալ, սակայն այդ խաղն ալ, ներկայացուած վէճին պէս, վրան-բաց կ’ըլլայ ընդհանրապէս: Անմիջապէս նշենք, որ խորքին մէջ, երկու ընդդիմադիր անձնաւորութիւնները իրենց դէմ ունէին 6 հոգի, վեցն ալ առաւել կամ նուազ չափով իշխանական տեսակէտները պաշտպանող (կրկնե՞նք, որ անոնք երբեմն իշխանութիւնը քննադատողի դերով հրապարակ կու գան, նոյնը ըրին բանավէճի պահուն). այսինքն, յայտագիրը վարողները, որոնք ի բնէ պէտք է անկողմնակալ ըլլան, տեսակէտներուն բախումը օգտակար հունի տանին, ընդհանրապէս եղան աւելի՛ ՔՊ-ամիտ, քան նոյնինքն ՔՊ-ի ներկայացուցիչն ու ընդդիմադիր խաղացող երեքը:
Մեր խորագիրին մէջ գործածեցինք «սարքովի» եզրը, հոս աւելցնենք աղաղակող որակումը: Բացատրենք թէ ինչո՛ւ,
որպէսզի զրուցավար եւ իշխանամէտ պատասխանողներ հասկնան, թէ մարդոց վրայ խնդալն ալ սահման եւ… օրէնք ունի:
Առաջին հարցումը ուղղուած էր ՔՊ-ի ներկայացուցիչին: Երիտասարդ «ուսապարկ»-ը հետը բերած էր թուղթ մը, որուն վրայէն բառ առ բառ կարդաց առաջին հարցումին պատասխանը, տեղեկագրական ցուցակի պէս բան մը, անծածկոյթ քարոզչութիւն, այսինքն, առաջին իսկ վայրկեանէն յստակ դարձաւ, թէ երկու «կողմերը»՝ հարցնող եւ պատասխանող՝ ի սկզբանէ պարտականութիւն ստանձնած էին, թէ ո՛վ ինչ հարցում պիտի ուղղէ, ո՛վ ինչ պիտի պատասխանէ: Եւ որպէսզի դիտողին քթին խնդալու արարողութիւնը իբրեւ թէ քողարկեն՝ երբեմն հաշիւ ներկայացնողը (եւ ինչե՜ր ըսաւ իշխանաւորներուն իրագործումներուն մասին, մեծ մասամբ՝ ցնորական եւ իրականութիւններուն ներհակ) կ’ընդմիջուէր զրուցավարներուն կողմէ, սակայն (յայտնապէս գիտնալով թէ անոնք ի՛նչ հարցումներով պիտի միջամտէին) ամենայն ինքնավստահութեամբ կը շարունակէր կարդալ թուղթին վրայ գրուածը: Մէկ խօսքով, դերերու իսկական բաժանում: Իսկ բուն բեմադրի՞չը… Ահա հոն է մե՜ծ հանելուկը:
Խեղկատակութիւնը ունէր այլ ցուցանիշներ: Արձանագրենք գոնէ երկուքը: Երբ իշխանութեան ներկայացուցիչն էր խօսողը, կամ՝ իշխանութեան տեսակէտներուն ի նպաստ կարծիքներ կ’արտայայտուէին, զրուցավարները կը խուսափէին միջամտելէ, կամ միջամտութիւնները կ’ըլլային կարծէք որոշ բեմագրութեան մը հետեւելով, երբեմն ալ անուղղակի օգնութեան կը հասնէին անոնց, իսկ երբ խօսողը իսկական ընդդիմադիրներն էին, անոնք ո՛չ միայն անտեղի միջամտութիւններով կը խանգարէին բացատրութիւններն ու փաստարկումները՝ ըսուածին մէկ մասը անհասկնալի դարձնելով եւ աղճատումի տանելով, այլ ճակատաբաց վէճի կը մտնէին անոնց հետ, ինչպէս ըսինք՝ ՔՊ-ականէն ու իշխանութեան կողմնակիցներէն աւելի՛ յախուռն կերպով դէմ կը դնէին արդար եւ տեղին քննադատութիւններուն: Այս փաստը աւելի՛ աղաղակող եւ բացայայտ դարձաւ բանավէճի աւարտին, երբ զրուցավարները արգելք եղան, որ ընդդիմադիր ներկայացուցիչ մը աւարտէ իր եզրափակիչ խօսքը, այլ խօսքով, «գրաքննութիւն» պարտադրեցին անոր, սնանկ պատճառաբանութիւններ ներկայացնելով (իբրեւ թէ կ’ուզէին բոլորին հաւասար ժամանակ տրամադրել, սակայն այդ նախանձախնդրութիւնը շատ չերեւցաւ միւս խօսողներուն արտայայտութեան պահուն):
* * *
Իմաստ չունի մտնել խօսուածին մանրամասնութիւններուն մէջ: Հետաքրքրուողներ կրնան համացանցի վրայ տեսնել հանդիպումը: «Բեմադրութիւնը» բոլորովին աննպատակ չէր, այլ առիթ էր մէկ կողմէ՝ ՔՊ-ապետին ու գործակիցներուն ձախաւերութիւնները բացայայտելու (հակառակ սարքողի նպատակներուն), իսկ միւս կողմէ՝ իշխանաւորներու… ստաբանութիւնները քարոզելու եւ ընտրապայքարի մթնոլորտ ստեղծելու:
Կար անշուշտ այլ նպատակ ալ՝ էական հարցերէ եւ իսկական տագնապներէ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել եւ ցոյց տալ, որ իշխանապետը իր վերջին (եւ նախընթաց) որոշումները՝ պաշտօնազրկում, նորերու նշանակում եւ այլն, իբրեւ թէ կատարած է… բարեփոխումի նպատակով: (Հայրենի իրականութիւններուն առարկայական եւ նախանձախնդիր մօտեցումով հետեւողը գիտէ, կը տեսնէ, թէ որքա՛ն սարսափելի եղած են «բարեփոխութիւն կ’ընենք»-ով իրականացած ձախաւերութիւնները՝ բոլո՛ր մարզերուն մէջ կորուստները, նահանջները, այնքան մը, որ մարդս կ’ուզէ բացագանչել. «Ա՛լ կը բաւէ՜… Վե՛րջ տուէք ձեր այս բարեփոխութիւններուն»):
* * *
…Հաւանաբան մտածող ըլլայ, թէ ընդդիմադիրներ ինչո՛ւ կը մասնակցին նման վրան-բաց ու սարքովի «ներկայացումներու»: Անոնք վստահաբար լաւ գիտեն, թէ ինչպիսի՛ բեմ կը հրաւիրուին, սակայն չեն խուսափիր, որովհետեւ նման հանդիպումներ յարմար առիթ են ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ աչքին ցուցահանելու իշխանաւորներուն սուտերը, խաղքութիւններն ու խօսքի ու գործի անհամապատասխանութիւնը: (Պատկերասփիւռի այս ու միւս կայաններուն գոյավիճակը յայտնի է):
Իսկ թէ նման խայտառակութիւններ ինչպէ՞ս կրնան վերջ գտնել՝ պատասխանը պարզ է. բեմադրողներուն՝ գլխաւոր եւ օգնական-«ուսապարկ» դերակատարներուն հեռացումով եւ զանոնք դէմ յանդիման դնելով իսկապէ՛ս բարեփոխեալ՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ համակարգին:
Ս. Մահսերէճեան