(Կարո Մանճիկեանի Արտասանած Խօսքը ՍԵՄ-ի 45-Ամեակի Հալէպի Հանդիսութեան)
Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւնը գաղթականի իր իրավիճակէն դուրս գալու համար սպասեց 50 տարի։
Ան՝ երբ թեւակոխեց 1965 թուականը, յուսալքուած էր միջազգային ընտանիքէն՝ Ազգերու Լիկայէն, ՄԱԿ-էն, որոնք փոխանակ արդար հատուցում կատարելու հայութեան, տենդագին ճիգերով կը դարպասէին ցեղասպանը։
Արդարեւ, հայութիւնը Մեծ Եղեռնը ոգեկոչելու համար կը կառուցէր յուշակոթողներ, կը կազմակերպէր քայլարշաւներ եւ ցոյցեր իր ապրած գաղթօճախներուն մէջ, արդար հատուցում մը ստանալու միամիտ տենչով ու սպասումով։
Ցոյցեր տեղի կ’ունենային, նոյնիսկ երկաթէ վարագոյրով շրջապատուած Խորհըրդային Հայաստանի մէջ, ուր աւելի ուշ կը նախաձեռնուէր կառուցել Մեծ Եղեռնի ոգեկոչական յուշահամալիրը՝ Ծիծեռնակաբերդը։
* * *
1970-ական թուականներուն կը գումարուէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 20-րդ Ընդհանուր Ժողովը, ուր որոշում կ’առնուէր վերուժականացնել կուսակցութիւնը՝ երիտասարդական շարքերուն տալով կազմակերպական նոր կառոյց, որպէսզի ան աւելի հզօր ուժականութեամբ նետուի ու մխրճուի նորոգուած պահանջատիրութեան կոհակներուն մէջ։
Կ’որդեգրուէր յեղափոխականացման ու քաղաքականացման աշխատանքներու անցնելու որոշում. յեղափոխականացնել օր ըստ օրէ քաղքենիացող հայութիւնը, քաղաքականացնել անոր միտքը, ազգային ու քաղաքական պատրաստուածութեամբ յառաջ տանելու սկսուած պահանջատիրութեան երթը։
Նոր որդեգրուած երիտասարդական կառոյցը առաջին անգամ կը հիմնուէր Լիբանանի մէջ 1973-ին։ Շուտով նաեւ Պարսկաստանի, ԱՄՆ-ի, իսկ 1979-ին Սուրիոյ մէջ։
Առաջին հերթին վերակազմակերպուեցան գործող Պատանեկան Միութեանց կրտսեր ու երէց կառոյցները, վերածուելով Պատանեկան ու Երիտասարդական անջատ կառոյցներու։ Անոնց տրուեցան ինքնադաստիարակման, ինքնակառավարման ու զարգացման իրաւասութիւններ, սակայն միշտ ու միշտ 85-ամեայ երթ վաստկած ու պատմութիւն կերտած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սուրբ դրօշին տակ։
1979-ին նախ Հալէպի մէջ կը նշանակուէր Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Հիմնադիր Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ նոյնինքն Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան վարչութիւնն էր։
Ապա կը նշանակուէր առաջին Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն կը վիճակուէր նախ միացնել մինչ այդ Հալէպի մէջ գործող տարիքային բաժանումով երկու Պատանեկան միութիւնները, ապա զանոնք վերակազմակերպելով վերածել աշխարհագրական բաժանումներով 3 մասնաճիւղերու, անոնց դաստիարակներու եւ վարիչներու կազմերով։
Անմիջապէս պատրաստուեցաւ միութեան քառամեայ դաստիարակչական ծրագիրը։
Գալով Երիտաարդական Միութեան, համաձայն նոր որդեգրուած կազմակերպական կառոյցին, նախ Հալէպի մէջ
կազմուեցաւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղը, որուն որպէս կեդրոնատեղի յատկացուեցաւ Նոր Գիւղի «Մարտիկեան» սրահի վերնամասը։
Իր հիմնադրութեան առաջին տասնամսեակին, մինչ այդ չունենալով յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, ան մեծապէս
օգտուեցաւ զինք վեց տարիներով կանխած Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան դաստիարակչական թերթիկներէն։
Մարտիկեան սրահի վերնամասին մէջ, ուր կը գումարուէին «Փոթորիկ» Մասնաճիւղի հաւաքները, միութիւնը ունեցաւ նաեւ իր սեփական գրադարանը, որպէս շտեմարան անոր դաստիարակչական գործունէութեան։
Անշուշտ յառաջիկային ՍԵՄ-ը ունեցաւ իր ամէն մասնաճիւղերուն համար պատրաստուած, յատուկ դաստիարակչական ու ամբողջական ծրագիրը, որ յաճախ օրուան պահանջներուն պարտադրութեամբ արդիականացաւ։
* * *
Հայութիւնը Մեծ Եղեռնի 65-ամեակին՝ 1975-ին, վերջին անգամուան համար խաղաղ ճիգերով կատարեց իր պահանջատիրական երթը, սակայն յուսահատած անցաւ զինական պահանջատիրական քայլերու՝ քանդելու համար իր արդար պահանջատիրութեան առջեւ բարձրացուած «լռութեան պատը»։
Ու այդ զինեալ պայքարին մատաղ կը դառնային Դաշնակցական Երիտասարդական միութիւններուն մէջ դաստիարակուած երիտասարդներ։ Ամենախօսուն օրինակը հանդիսացաւ Լիզպոնի գործողութեան իմացեալ մահով ինկած երիտասարդներուն նահատակութիւնը։
Ապա, հայկական գաղթօճախներուն մէջ կազմուած Հայ Դատի մարմիններուն ու գրասենեակներուն անձնակազմերուն մէջ, մեծամասնութիւն հանդիսացան ՀՅԴ-ի Երիտասարդական կառոյցներուն մէջ դաստիարակուած, քաղաքականացած երիտասարդները։
* * *
1991-ին, Հայաստան փաստօրէն կը վերանկախանար, սակայն անոր անկախութեան երթը կանխած էր՝ 1988-ին բռնկած Արցախի գոյապայքարը, այդ գոյապայքարը՝ մկրտուելով դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ, կը դառնար Ազգային Ազատագրական պայքար, որ համահայկական ճիգերով անկախութիւն պարգեւեց Արցախին ու այդ պայքարի բագինին մատաղ դարձան, հայրենիքին մէջ վերընձիւղուած դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցներէն եկած մատաղներ։
* * *
Դաշնակցութեան երիտասարդութեան տասնամեակներ երազած, ազատ ու անկախ Հայաստանը թեւակոխեց իր երեսուն ամեակը։
Ափսոս, սակայն, 2018-ի իշխանափոխութեամբ Հայաստան կը մտնէր քաղաքական խարխափումի ժամանակաշրջան մը, որ ցայսօր կը շարունակուի մեր ազգային ինքնութենէն զիջելով ու նահանջելով։
Քիչ անց տեղի ունեցաւ Շուշիի բռնագրաւումը, որուն պաշտպանութեան սուրբ գործին սուրիահայութիւնը նաեւ իմա՝ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, տուաւ իր նահատակները, արժանաւորները։
Այսպէս, Հալէպի հայահոծ թաղերուն պաշտպանութեան գործին մէջ թրծուած, սակայն նախ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան մէջ դաստիարակուած ու դաշնակցականի նկարագիր վաստկած իր «ընտրեալ» զաւակները՝ Յարութը, Մոսիկն ու Յակոբը որպէս «մատաղի պարարտ խոյեր» կը նահատակուէին Արցախ Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին ընթացքին։
Անոնք կենդանի օրինակով՝ գործով ու նահատակութեամբ, կու գային հաստագրելու որ տասնամեակներ կտրած Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան ճանապարհը արժանի է Դաշնակցական անուան։
Սակայն ափսոս, որ անոնց ու անոնց ընկերներուն նահատակութեամբ կանգ չէր առներ պատմութեան գահավէժ
ընթացքը, երբ տեղի կ’ունենար Արցախի շրջափակումը, ապա նաեւ ահաւոր հայաթափումը։
Այսօր, Արցախահայութիւնը վտարանդի ու տարագիր է, իր իսկ հայրենիքին մէջ ու ենթակայ քաղաքական, տնտեսական, կենցաղային ու ընկերային զանազան դժուարութիւններու։
Այժմ խախտած է հայկական եռամիասնութիւնը։ Արցախը՝ առայժմ չկայ, անորոշութեան մարախուղը պատած է Հայաստանը, իսկ յուսալքուած ու վհատուած սփիւռքը կը շարունակէ օր ըստ օրէ հալումաշ ըլլալ։
Ուրեմն, դաշնակցական երիտասարդութեան ուխտին՝ «Ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին» դէմ այսօր ցցուած են բազմաթիւ ու բազմերանգ մարտահրաւէրներ։
Անոնցմէ են.
– Պահել ու պաշտպանել Հայաստանի անկախութիւնը, անոր հողային թէ ազգային ամբողջականութիւնը։
– Ամուր պահել, օր ըստ օրէ, մաշող հայկական սփիւռքը։
– Դիմակայել հայութեան սպառնացող շրջանային ու միջազգային խաղերուն։
– Նոր թափով եւ ուժականութեամբ շարունակել օր ըստ օրէ դժուարացող Հայ Դատի հետապնդումը։
– Իւրաքանչիւր սփիւռքեան գաղթօճախի մէջ տէր կանգնիլ հայութեան ու անոր ազգանուէր կառոյցներուն։
* * *
45-ամեայ հայ կեանքի բազմագոյն ու բազմերանգ ճանապարհին վրայ փորձառութիւն վաստկած Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները նոյնն են, ինչ որ են հայկական որեւէ գաղթօճախի դաշնակցական կառոյցներունը։
Այստեղ հարկ ու պատշաճ կը նկատեմ մէջբերել ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին յայտարարած հռչակագիրը՝ 2024-ը անուանել «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի», ի հետեւումն 2022 եւ 2023 «Սփիւռքի Տարի» հռչակուելուն։
Անոնք՝ հռչակագրերը, խորունկ սերտողութեան, քննարկումի արդիւնք են, որուն համար գումարուած են շարք մը խորհրդաժողովներ։
Վերոյիշեալ հռչակագիրը հրամայական ու անժամանցելի է մասնաւորապէս Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան։
Վերեւները յիշուած ու թուարկուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար հարկաւոր է լաւապէս պատրաստուած մարդուժ։
Եւ դաշնակցական երիտասարդութիւնը, իմա՝ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, միայն խոր ու հետեւողական պատրաստուածութեամբ կրնայ յաղթահարել այդ մարտահրաւէրները։
Այո՛, 45-ամեայ վաստակ ու փորձ ստացած ՍԵՄ-ը զանոնք յաղթահարելու համար պարտաւոր է իր եզակի ու իւրայատուկ մարդուժ պատրաստել, այլ խօսքով, դաշնակցական մարդուժ պատրաստել, դաշնակցութեան իտէալներն ու առաջադրանքները իրագործուած տեսնելու համար։
Օ՛ն, դէպի առաջ, դէպի նոր 45-ամեակ, դաշնակցականավայել 45-ամեակ մը կերտելու բարի երթ։