Ձմեռ է։ Պաղն ու ցուրտը ձեռք-ձեռքի տուած իրենց սարսափն ու զարհուրանքը կը տարածեն ամէնուրեք, չխնայելով ո՛չ փոքր, ո՛չ երիտասարդ ու ծեր։
Տունը քիչ մը վառելանիւթ ունինք, բայց պէտք է խնայողութեամբ գործածել։ Անշուշտ կարելիութեան սահմաններուն մէջ, երբ վառելանիւթ պիտի չսպառենք, կը փորձենք մեր մարմինները տաքցնել մեր հաստկեկ հագուստներով՝ վզնոց, գլխարկ եւ վերարկու։ Իսկ նստած ըլլալու պարագային, ձմեռանոց ծածկոցներու տակ կը պատսպարուինք։
Ամէն օրուան նման կանուխ կþարթննամ։ Վառարանին տաքութիւնը հաճելի է տան մէջ։ Նախաճաշէն ետք ամէն ոք իր գործին, ես ալ տան գործին կը լծուիմ, վառարանը անջատելէ ետք։
Պաղ է։ Մարմնիս թեթեւ դող մը կը զգամ։ Հագուստներու պահարանէն տան համար վերապահուած յարմար վերարկուս հագուելով գործս կը շարունակեմ։ Քիչ վերջ, ձայնասփիւռէն լսած խանդավառ երգը մտքիս մէջ կախուած կը մնայ, կը սկսիմ երգել ու աշխատիլ։ Չէ՛-չէ՛ տակաւին կը մսիմ։ Պաղ սարսուռ մը մարմինս կը պատէ ու աշխատելու կարողութիւնս կը ջլատէ։ Կրկին կþուղղուիմ դէպի պահարան այս անգամ վզկապ մը վերցնելու, վիզս եւ ուսերս կը փորձեմ տաք պահել։ Դողս քիչ մը կը թեթեւնայ։ Մտքիս մէջ կախուած երգերը կը շարունակեմ երգել ու գործս շարունակել։
Հակառակ անոր, որ հագուած հագուստներս, շարժումս կը կաշկանդեն ու կը դժուարացնեն ազատ եւ թեթեւ շարժումս, բայց ի՞նչ հոգ, տաքցած ըլլալու զգացումը հաճելի է։
Դուրսը ցուիքներու վրայ տեղացած անձրեւի կաթիլներուն թըք-թըք մեղմ ձայնը հաճելի կը թուի։ Քիչ-քիչ անձրեւը աւելի կը զօրանայ, թմբուկի զօրաւոր հարուածներու ձայնի նման, քիչ թէ շատ տաքնալու հաճոյքս կորսնցնելով ու կարծէք մսկոտութեան զգացումս կրկին արթնցնելով։
Այս անգամ պահարանիս մօտենալով գլխարկ մը կը վերցնեմ, ճակատս ու ականջներս լաւ կը ծածկեմ։ Զանոնք տաքցնելու փորձը կը յաջողի։ Քիչ առաջուան գլխուս-ճակտիս պաղը, որ կը զգայի մարմնիս հետ մէկտեղ խելքս ալ կը սառեցնէր կարծէք։
Քիչ ետք, օ՜խ, ի՜նչ հաճելի զգացում։ Մարմինս ու գլուխս տաքցան ու մսկոտութեան զգացումս կորսուեցաւ։
Հազիւ գործիս վերադարձայ, հեռաձայնիս զանգը հնչեց։ Մայրս էր «դուրսէն»։ Անոր զանգը սիրտս ջերմացուց, որովհետեւ մօրս զանգին պատասխանելը աշխարհի ամենամեծ նուէրն ու հոգեկան բաւարարութիւնն է ինծի համար։ Ուր որ ալ ըլլամ, կամ ինչպիսի գործ ալ ունենամ, անոր զանգին հետ ամէն ինչ կանգ կþառնէ։
_ Բարի լոյս, մա՛մ, ինչպէ՞ս ես։ Աս ի՞նչ լաւ անակնկալ է։
_ Բարի լոյս, աղջի՛կս։ Ես լաւ եմ, փառք Աստուծոյ, դո՞ւն ինչպէս ես։ Կարօտցայ ձեզի։
_ Մենք ալ կարօտցանք, մա՛մ։ Փառք Աստուծոյ, որ այս WhatsApp-ը կայ, կրնանք յաճախ զիրար տեսնել ու միշտ կապի մէջ մնալ։
_ Այո։ Կþերեւի անյարմար ատեն զանգեցի, աղջի՛կս, տունէն դո՞ւրս պիտի գայիր։
_ Չէ՛, չէ՛ մամ (բարձրաձայն խնդալով), եթէ հագուած հագուստներուս կþակնարկես, հագուած եմ պարզապէս ցուրտէն պատսպարուելու համար։
Վերջին պատասխանէս ետք մայրս չարձագանգեց, ոչ ալ բարձրաձայն խնդուքիս հետ խնդաց, ինչպէս կþընէր միշտ։ Ան ոչ միայն չարձագանգեց, այլեւ զիս տեսնելով դէմքին վրայ գծուած ժպիտն ու խանդավառութեան արտայայտութիւնները սառեցան։
Անոր մօտ յառաջացած սառցակոյտը կոտրելու նպատակով այս անգամ ես հարցուցի.
_ Ի՞նչ պիտի եփես այսօր, սիրելի մամի՛կս։
_ Դեռ չեմ որոշած, աղջի՛կս։ Տէ՛ գնա՛ գործիդ։ Ես ալ ելլեմ իմ գործիս։
Մայրս սովորութիւն չունէր այդքան արագ վերջ տալու մեր երկխօսութեան։ Ան սառած աչքերով զիս կը դիտէր ու կը զննէր շարժումներս։ Ո՞վ գիտէ մտքէն ինչ անցուց։ Ես ալ իր փափաքին անսալով ցտեսութիւն ըսի իրեն։ Անսիրտ ու դժկամութեամբ լեցուն ցտեսութիւն մըն էր, բայց չուզեցի նեղացնել զինք։
Պատահած իրավիճակը ներսս կրակ ձգեց։ Տաքութիւն մը զգացի ամբողջ մարմնիս մէջ։ Գլխարկն ու վզնոցս հանեցի։ Աթոռին վրայ նստեցայ ու սկսայ մտածել։
Արդեօք խեղճ կինը ի՞նչ զգաց, ով գիտէ անոր մտքէն ի՞նչ անցաւ։ Ար-դեօք անոր մարմնին մէջ ալ ինծի նման կրակ ինկաւ… ո՞վ գիտէ…։
Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան