Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հրադադարի շուրջ ընթացող բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ շատ կը խօսուի, որ կողմերը մօտ են հրադադարի կնքումին։ Այդուհանդերձ, իսրայէլական կողմէն յառաջ մղուող նորանոր ծանր նախապայմաններու պարագային հրադադարը տակաւին տեսանելի չէ։
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, միջազգայնագէտ Շահան Գանտահարեան՝ անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրադրութեան ու Իսրայէլի հետ հրադադարի շուրջ բանակցութիւններուն։
«Նախօրէին, օրինակ, իրավիճակը շատ ծանր էր, որովհետեւ Պէյրութը բազմաթիւ հրթիռակոծութիւններու կ’ենթարկուէր Իսրայէլի կողմէն, որուն հետեւանքով մայրաքաղաքի մէջ շէնքերու փլուզումներ եւ զոհեր եղան։ Այդուհանդերձ, ասոր առընթեր նաեւ անվերջ կը խօսուի հրադադարի մասին, յայտարարութիւններ կը հնչեն, որ կողմերը մօտ են հրադադարին, բայց ատիկա տակաւին տեսանելի չէ, քանի որ Թէլ Աւիւի կողմէն յառաջ մղուող պայմանները բաւականին ծանր են», իր խօսքին մէջ նշեց Գանտահարեան՝ նկատելով, որ բանակցութիւններէն վերջ Իսրայէլը կը շարունակէ յառաջ մղել նորանոր պահանջներ՝ ամէն անգամ աւելի խստացնելով անոնք։
Շահան Գանտահարեանի խօսքին համաձայն, Իսրայէլը, օրինակ, կը պահանջէ, որ «Հիզպալլահ»-ի զինաթափումէն վերջ իսրայէլական զօրքերը եւս 60 օր շարունակեն մնալ լիբանանյան տարածքներուն մէջ կամ կը պահանջէ ամբողջապէս կազմաքանդել «Հիզպալլահ»-ի համակարգն ու ենթակառուցուածքները։
«Իսրայէլը նաեւ կը պահանջէ, որ լիբանանեան բանակը տեղակայուի երկրի հարաւային սահմանը եւ հսկէ նաեւ օդային, ջրային եւ ցամաքային բոլոր հատուածները։ Բացի անկէ, հարցեր կան նաեւ հրադադարի պայմաններուն մէջ ընդհանուր համաձայնութիւնը ապահովելու համար ստեղծուելիք միջազգային յանձնախումբին կամ յանձնաժողովի կազմի հարցով, քանի որ իսրայէլական կողմը դէմ է, որ, օրինակ, Ֆրանսան ներգրաւուի այդ յանձնախումբին մէջ», պարզաբանեց միջազգայնագէտը՝ յիշեցնելով, որ վերջին շրջանին Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները որոշակի առումներով լարուած են։
Խօսելով Իսրայէլի կողմէն յառաջ մղուող այլ նախապայմաններու մասին՝ Գանտահարեան յայտնեց, որ սահմանին միջազգային յանձնաժողովի տեղակայուելէն զատ, Թել Աւիւը պէտք է իրաւունք ունենայ որեւէ պահ զինուորական գործողութիւններ իրականացնել Լիբանանի մէջ, եթէ նկատէ, որ վերջինս կը սպառազինուի կամ որեւէ շարժում սկսած է։
«Միացեալ Նահանգներու պատուիրակի միջնորդութեամբ հրադադարի շուրջ կատարուող բանակցութիւններուն հետեւանքով նախագիծը որոշ վերապահումներով հաւանութեան արժանացած է Լիբանանի կողմէն։ Վերջինս նոյնիսկ ըսած էր, որ դէմ չէ, որ ըլլայ միջազգային վերահսկիչ յանձնախումբ եւ դէմ չէ, որ, օրինակ, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան ըլլան այդ յանձնախումբի անդամ պետութիւնները։ Այսուհանդերձ, հիմա գնդակը իսրայէլական դաշտի մէջ է», յայտնեց Շահան Գանտահարեան։
Անդրադառնալով հարցումին, թէ որքա՞ն իսրայէլական զինուորական ուժերը կրցած են ներթափանցել Լիբանանի հարաւային տարածքներ՝ զրուցակիցը նկատեց, որ ներխուժման աշխարհագրութիւնը տակաւին յստակ չէ, որովհետեւ ցամաքային գործողութիւնները թէժ են եւ նոյնիսկ կան տեղեկութիւններ, որ իսրայէլական բանակը կը թափանցէ որոշ տարածքներ, յետոյ ետ կը քաշուի, իսկ յետոյ նորէն կը վերադառնայ։
«Կը կարծեմ, որ քանի մը քիլոմեթր արդէն թափանցած են, բայց չի բացառուիր, որ մէկ-մէկ ետ կը քաշուին,յետոյ դարձեալ կը վերադառնան։ Սա է ընդհանուր վիճակը, այսինքն՝ անոնք իրենց պուֆերային զոնան տակաւին չեն ձեւաւորած, անոր համար նաեւ հարաւի մէջ մարտերը կը շարունակուին։ Օրինակ՝ քիչ առաջ ազդարարեցին, զգուշացուցին ամբողջ գիւղի մը բնակչութեան ելքին մասին, որովհետեւ երկրի հարաւային շրջանին մէջ կան գիւղեր, որոնք իսրայէլական հարուածներէն ուղղակի ամբողջապէս կը համահարթեցուին, իսկ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ եւ նոյնիսկ Պէյրութի մէջ պարզապէս շէնքեր կը փլուզուին։ Այսինքն, եթէ մայրաքաղաքի մէջ թաղամասեր կը փլուզուին, այնտեղ ամբողջ տարածքներ, գիւղեր, բնակավայրեր կը համահարթեցուին, շատ ծանր մարտեր են այդ առումով», նշեց «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը։
Անդրադարձ կատարելով դիտարկումին, թէ իսրայէլական կողմը յայտարարած է, որ այդ հարուածները կ’իրականացնէ ի պատասխան «Հիզպալլահ»-ի հարուածներուն՝ Շահան Գանտահարեան նկատեց, որ այդ պատասխան գործողութիւններու շղթան անվերջ կարելի է շեշտել։
««Հիզպալլահ»-ը Իսրայէլին կը պատասխանէ, Իսրայէլը՝ «Հիզպալլահ»-ին, բայց կը կարծեմ, որ սա ծրագիր է, եւ Իսրայէլը նպատակադրուած է վերականգնել իր հիւսիսային հատուածի անվտանգութիւնը եւ իր հիւսիսային բնակավայրերէն տեղահանուած կամ տեղափոխուած ժողովուրդին ետ վերադարձնել։ Այդ է պատճառը, կը կարծեմ, որ հիմա յառաջ կը մղուի այն նախապայմանը, որ որեւէ պահուն Իսրայէլը հնարաւորութիւն ունենայ օդային յարձակումներ գործել նոյնիսկ հրադադարի համաձայնութենէն վերջ, որ, ի հարկէ, կը կարծեմ՝ սպառնալիք է ամբողջ Լիբանանի համար», շեշտեց միջազգայնագէտը։
Ան նաեւ աւելցուց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները կը կատարուին միջնորդի օգնութեամբ, որ կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգները։
«Միջնորդաւորուած են, որովհետեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան», ըսաւ Գանտահարեան՝ մանրամասնելով, որ նոյնը կատարուած է նաեւ ծովային սահմանազատման պարագային, որ, միջազգայնագէտի կարծիքով, համաձայնութիւն է Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանին միջեւ։
Գանտահարեանին փոխանցումին համաձայն, բանակցութիւնները կ’ընթանան ինչպէս Պէյրութի մէջ, այնպէս ալ Թէլ Աւիւի մէջ․ «Ամերիկացի պատուիրակը կու գայ Պէյրութ, յետոյ կ’անցնի Իսրայէլ, կը տանի նախագիծը»։
Միջազգայնագէտի խօսքին համաձայն, գնդակը այժմ իսրայէլեան կիսադաշտի մէջ է, քանի որ Պէյրութը իր համաձայնութիւնը, մեծ հաշիւով, տուած է, որ սեղանին դրուած 1701 բանաձեւն է՝ ընդունուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կողմէն։ Համաձայնութիւնը հիմնականօրէն 1701 բանաձեւի շուրջ է՝ նկատի չառնելով իսրայէլական կողմէն վերջին յառաջ մղուած նախապայմանները։
«Իսրայէլը այդ հրադադարի համաձայնութեան մէջ կը փափաքի ներառել աւելի փաթեթային կէտ այն առումով, որ պիտի համաձայնութիւն ըլլայ նաեւ ցամաքային սահմանազատման մասին։ Ծովային սահմանազատումը եղած է, հիմա անոնք կը փափաքին, որ ցամաքային սահմանը նոյնպէս սահմանազատուի», ըսաւ Գանտահարեան։
Անդրադառնալով Լիբանանի հայ համայնքի շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին՝ Գանտահարեանը տեղեկացուց, որ 22 Նոյեմբերին Անթիլիասի Մայրավանքին Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ հոգեւորականներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է շատ մեծ նշանակութիւն ունեցող հանդիպում։
«Սա շատ կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ լիբանանահայ համայնքը նման ճգնաժամերու մէջ կը մնայ միասնական, որ կը բացակայի այլ համայնքներու պարագային», ընդգծեց Շահան Գանտահարեան՝ շեշտելով, որ նմանօրինակ հանդիպումները կը վկայեն լիբանանահայ համայնքի միասնական եւ կուռ ըլլալու մասին։