Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Տիալա Պարաքէթի, կազմակերպութեամբ Հալէպի Սապահ Ֆախրի պետական երաժշտանոցին, Սուրիոյ Մշակոյթի Շաբթուան շրջագիծէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ՝ նուիրուած հայ դասական երաժշտութեան։

Երեկոյին ներկայ էր նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հայր Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Սահակեան, ՀՀ մարդասիրական խումբի պատասխանատու Յովհաննէս Խանուէլեան, մշակութային կեդրոնի տնօրէն Ապտուլ Հալիմ Հարիրի, երաժիշտներ, հոգեւոր հայրեր, հանդիսականներ եւ լրագրողներ։

Հայկական երաժշտութիւնը հնչեց սուրիացիներու կատարումով։
«Սապահ Ֆախրի» երաժշտանոցի աշակերտները նուագեցին հայ դասական երաժշտութենէն նմոյշներ, հսկողութեամբ երաժիշտներ՝ Ժիրայր եւ Վերժին Րէիսեաններու։

Երեկոն տեղի ունեցաւ Հալէպի մշակութային կեդրոնէն ներս, երեկոյեան ժամը 7։00-ին։

Կեդրոնի եւ Հալէպի արուեստի արհմիութեան տնօրէն Ապտուլ Հալիմ Հարիրի բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն շեշտեց, որ այս երեկոն Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ մշակոյթներու երկխօսութեան գեղեցկագոյն օրինակն է։

Այս առիթով ժիրայր Րէիսեան անդրադարձաւ ուտի գործածութեան, որ արեւելեան երանգ մը տուած էր Ալ. Յարութունեանի մէկ ստեղծագործութեան, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Կոմիտասի քրտական ժողովրդային երաժշտութենէ առնուած մէկ ստեղծագործութիւնը, որ ներկայացուեցաւ երեկոյթին, դիտել տալով որ ան դժուար գտանելի կտոր մըն էր, սակայն ինք յաջողած է գտնել եւ ներառնել զայն յայտագրին մէջ։

Կատարողները գնահատելի որակով ներկայացուցին հայ դասական երաժիշտներու գործերը։

Տեղին է յիշել, որ հայկական կտորներէն երկուքը Ժիրայր Րէիսեանի ստեղծագործութիւններն էին։