Ճուսիէ անցակէտի տնօրէն Տապպահ ալ-Մաշաալ տեղեկացուց, որ լիբանանցի տեղահանուածներու վերադարձը ապահովելու համար Հոմսի հարաւարեւմտեան արուարձանին մէջ ժամանակաւոր անցակէտ մը բացուեցաւ «Քսէյր» աւանի մերձակայքը։