Այսօր, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասսամ Սապպաղ ընդունեց դեսպան Ռուբէն Խարազեանի՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպանի հաւատարմագրերու պատճէնը։

Նախարարը շնորհաւորեց Հայաստանի դեսպանը այս առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր, մատնանշելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմական բարեկամութիւնը և բարձր գնահատելով Սուրիոյ աջակցող Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումները։

Դեսպան Խարազեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Սապպաղին՝ ընդգծելով իր պատրաստակամութիւնը երկու երկիրներու միջեւ առկայ համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման՝ ի նպաստ երկու բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու ընդհանուր շահերուն։