ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով պատրաստակամութիւն կը յայտնենք թեւ եւ թիկունք կանգնելու հալէպահայութեան՝ քաջ հաւատալով, որ ամբողջ հայութիւնը նոյն պատրաստակամութիւնը պիտի ցուցաբերէ՝ օժանդակելու համար հալէպահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ ՀՕՄ-ի սիրտը կը տրոփէ Հալէպահայութեան հետ։

Հայ Օգնութեան Միութիւն
1 Դեկտեմբեր 2024