Հալէպի մէջ բախումներու սաստկացումէն ետք, երբ քաղաքը անցաւ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ, համայնքին մէջ նկատուեցաւ որ նախքան բախումներուն սկսիլը ՀՀ Մարդասիրական խումբը մեկնած է Հալէպէն, մեկնած է նաեւ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը։ Համայնքի պատասխանատու մարմինները տեղեակ չեն եղած անոնց մեկնումէն, ինչ որ մտահոգութիւն ստեղծած է համայնքի զաւակներուն եւ պատասխանատուներուն մօտ։ Մամուլի մէջ մեր կողմէ հնչած այս մտահոգութենէն ետք, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը կապ հաստատած է համայնքի պատասխանատուներուն հետ եւ պարզած, թէ նախքան բախումները արդէն մեկնած էր մայրաքաղաք Դամասկոս իր հաւատարմագրերը յանձնելու համար, որմէ ետք դէպի Հալէպ ճամբան փակուած է եւ գլխաւոր հիւպատոսը իր աշխատանքը կը շարունակէ Դամասկոսէն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը սուրիական տագնապի ամէնէն բուռն տարիներուն անգամ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Հալէպի հայ համայնքին հետ։ Այս ծանր հանգրուանին եւս, ինչպէս նախորդ տարիներուն, Հալէպի հայ համայնքը ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան հետ գործակցաբար կարեւոր աշխատանք ունի՝ հասնելու համայնքի կարիքներուն եւ նպաստելու անոր անվտանգութեան եւ գոյատեւման։