Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցինք, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր հիւպատոսը իր աշխատանքը կը շարունակէ Դամասկոսէն։

Հիւպատոսութեան դիմատետրի էջը կը յայտնէ, որ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը եւ Դամասկոսի դեսպանութեան հիւպատոսական բաժինը իրենց աշխատանքները կը շարունակեն արտակարգ ռեժիմով։

ՀՀ քաղաքացիները փաստաթղթային ապահովման, նոր անձնագրերու տրամադրման վերաբերեալ հարցերուն պատասխան ստանալու համար կրնան կապ հաստատել Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ` հեռաձայնելով թէժ գիծի բջջայինի հետեւեալ թիւին՝ +963960003622: