Կիրակի,15 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առիթով։
Հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Պատարագին ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի Առաջնորդ Մար Մորիս Ամսիհ Սրբազանը, Աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելին, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանաներ եւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։
Հայր Սուրբի քարոզին
բնաբանն էր Պօղոս Առաքեալի Եբրայեցիներու ուղղած նամակէն հետեւեալ նախադասութիւնը. «Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ»։ Եբր. 1.1-2։
Առաջնորդական Փոխանորդը ըսաւ . «Այսօր Մեր Տէրը Յիսուս Քրտիստոս կը խօսի մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ Աստուածաշունչի միջոցաւ։ Իր խօսքերը խրատ, ուսուցում եւ ուղղիչ պատգամներ կը դառնան մեզի, հարթելու մեր Քրիստոնէական ապրելակերպի ճանապարհը ճշմարիտ կերպով»։ Ապա աւելցնելով ըսաւ.«Այս պատճառով է որ այս օրուան Ճաշու Աւետարանի ընթերցումը ուղեցոյց մըն է հաւատացեալներուն, երբ Քրիստոս կ՚ըսէ “վա՛յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան” Ղկ 17։1, յորդորելով հաւատացեալները հեռու մնալու աշխարհիկ խաբէութենէ եւ կարծրասրտութենէ, որոնք պատճառներ են ուրիշները գայթակղութեան ուղղելու»։
Հայր Սուրբը դիտել տուաւ, որ «Քրիստոս մեզի հետ կը խօսի սուրբերու միջոցաւ, որոնք բարեխօսներն են Աստուծոյ։ Սուրբերուն ապրած կեանքը մարդկութեան մէջ Քրիստոսի խօսքին տարածման կը ծառայէ։ Քրիստոսի ցուցմունքներով անոնք կենդանի օրինակներ կը դառնան մեր կեանքին մէջ»։
Ան յիշեցուց Ս. Յակոբի հրաշքներէն մին, որով կը բուժէ Կեդրոնի անդամալոյծ զաւակը, երբ Քրիստոսի պատուիրանին համաձայն Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին Անունով կը մկրտէ զայն։
Հայր Սուրբը օրհնեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը Ս. Յակոբի մասունքով, ապա կատարուեցաւ մատաղօրհնէքը, որուն մասնակցեցան հոգեւոր հայրերը։
Աւարտին, հայր սուրբը ներկայ գտնուող Յակոբ անուն կրողներուն բաշխեց Եկեղեցասիրաց Տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած օրհնուած մոմեր։
Նշենք, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն ջուրի, աղի եւ մոմի օրհնութիւններ տեղի ունեցան Ս. Յակոբոսի մասունքով, որոնց մասնակցեցան կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները։ Տէր Պսակ քահանան մեկնաբանեց օրուան տօնը եւ Ս. Յակոբի կենսագրականը ներկայացուց։
Յիշենք որ, մատաղի պատրաստութիւնը ստանձնած էին Եկեղեցասիրացի տիկինները եւ Աղքատախնամը, որոնք ծանր ցուրտին ամբողջ գիշերը աշխատեցան, իսկ եկեղեցւոյ եւ գաւիթի զարդարանքը, ինչպէս բոլոր առիթներուն, նոյնպէս ճաշակով պատրաստեց Թամար Շարոյեան-Սարգիսեանը։