16 Դեկտեմբեր 2024
«Ի գիտութիւն ՀՀ քաղաքացիներուն և ԶԼՄ ներկայացուցիչներուն
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ մէջ (Դամասկոս) ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը այսօր վերսկսած է իր աշխատանքները: Դեսպանութեան հիւպատոսական բաժինը կ՚աշխատի բնականոն ռեժիմով: Այսօր արդէն կազմակերպուած է ՀՀ քաղաքացիներու ընդունելութիւն: Կը յիշեցնենք, որ նախապէս տրամադրուած թէժ գիծը (+963960003622) կը շարունակէ գործել:
Կը նախատեսուի վերսկսիլ նաև Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքները, ինչին մասին լրացուցիչ կը տեղեկացնենք»: