Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2024-ի
առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար
Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ.
Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց
այցելութիւնը «Aid To The Church In Need»
բարեսիրական հաստատութեան Հալէպի
պատասխանատու տիար Ժոզէֆ Ճորճ
Ճպրանը։

Հաստատութեան Հալէպի
պատասխանատուն անդրադարձաւ
հաստատութեան ցարդ կատարած
աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ
բարեգործական ծրագիրներուն,
պատրաստակամութիւն յայտնելով
զանազան ծրագիրներով
գործակցութիւնը շարունակելու Թեմին
հետ։

Սրբազան Հայրը իր հայրական
օրհնութիւնները փոխանցելով,
գնահատեց բարեսիրական
հաստատութեան անցնող տարիներուն եւ
ներկայիս զանազան ոլորտներու մէջ
բերած նիւթաբարոյական ներդրումը,
յատկապէս մեր ժողովուրդի
զաւակներուն նկատմամբ, հաստատելով,
որ ձեռք-ձեռքի տալով եւ
համագործակցութեամբ քրիստոնէական
մարդասիրական աշխատանքները
միասնաբար յառաջ կը տանինք՝
Աստուծոյ փառքին եւ ժողովուրդի
զաւակներուն բարօրութեան համար։