Օրերս լոյս տեսաւ Հալէպի Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան 2025 թուականի տարեկան գեղատիպ օրացոյցը, որ իր պատկերազարդ ութը էջերով պատմական արժէք ներկայացնող հրատարակութիւն մըն է։ Օրացոյցի էջերուն վրայ ներկայացուած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ պատմութիւնը լուսանկարներով եւ համապատասխան բացատրութեամբ։
Օրացոյցի կողքի պատկերը կը ներկայացնէ Ֆարհաթ հրապարակէն դէպի եկեղեցի տանող հնաբոյր եւ կամարազարդ արեւելեան թաղերը, որոնց սալահատակներուն վրայէն այնքա՜ն հայեր երթեւեկած են՝ ուղղուելով դէպի եկեղեցի, դպրոց ու շրջանի Հայկական այլ կեդրոններ։
Այնուհետեւ էջերու յաջորդականութեամբ կը ներկայացուին եկեղեցւոյ շրջափակը, որուն մէջ Տարօն աշխարհի յուշարձան-որմնաքանդակը։ Այս որմնաքանդակին դիմաց ամէն տարի միութեան նախաձեռնութեամբ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ կը կատարուի՝ ոգեկոչելու Տարօնի հերոսները։
Առանձին էջով կը ներկայացուի 1912-ին կառուցուած եկեղեցւոյ աշտարակաձեւ ու հայկական ոճով զանգակատունը՝ երեք կողմերէ նկարուած, ապա նաեւ եկեղեցւոյ սկզբնական կառոյցին հնադարեան մատուռը, որուն ներքեւ թաղուած են Սիսի երեք կաթողիկոսներ՝ Ազարիա Ջուղայեցի, Պետրոս Կարկառեցի եւ Մկրտիչ Քէյֆսիզեան։ Մատուռին կողքին կը ներկայացուի եկեղեցւոյ Մայր տաճարին բեմն ու մարմարեայ Ս․ խորանը՝ համապատասխան բացատրութեամբ։
Ապա կը ներկայացուի սրբանկար-խորանը Սեբաստացի Քառասուն Մանուկներու, որոնց անունով մկրտուած է եկեղեցին։
Իւրայատուկ արժէք կը զգենու եկեղեցւոյ ամէնէն մեծ ու պատկառազդու սրբանկարը, որ կը ներկայացնէ դժոխքը, սատանան եւ երկնքի արքայութիւնը։
Առանձին էջով կը ներկայացուին Մայր տաճարին առաջնորդական գահը, մկրտութեան աւազանը եւ եկեղեցւոյ մայր բակին կողքը գտնուող փոքր շրջափակին մէջ զետեղուած նախնադարեան ջրհորը, որուն ճիշդ դէմը, պատին վրայ կայ արձանագրութիւն մը, որ կը վկայէ, թէ տուեալ ջրհորը շինած են հալէպաբնակ սասունցի բարեպաշտներ։
Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու լուսանկարները համառօտ տեղեկութիւններ կու տան ԺԴ․ դարէն սկսեալ գործող այս տաճարին եւ անոր կառոյցի իւրայատկութեան մասին, միեւնոյն ատեն հաստատելով հայերու դարարմատ ներկայութիւնը Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպ քաղաքին մէջ։
Օրացոյցի վերջընթեր էջով կը ներկայացուի ԱՄՆ Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան կազմը, ինչպէս նաեւ միութեան երիտասարդաց միաւորի իրականացուցած սասունցի ազգային հերոս, Տարօնի առիւծ Գէորգ Չաւուշի նուիրուած թատերգութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւն մը։
Լուսանկարները տիար Կարօ Սահակեանի ոսպնեակէն վարպետօրէն առնուած պատկերներ են։
Օրացոյցի բովանդակութիւնը համադրած է գրող, մտաւորական տիար Լեւոն Շառոյեան։
Օրացոյցի հրատարակման եւ բաշխման կողքին, Հալէպի Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը նկատի ունենալով երկրի ծանր պայմանները, Հալէպի իր հայրենակիցներուն երկու օրերու տեւողութեան տրամադրեց նիւթական օժանդակութիւն, որպէսզի մասամբ մեղմացնէ քաղաքի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ գոյատեւող իր հայրենակիցներուն ծանր բեռը։
«Գանձասար» շնորհակալութիւն կը յայտնէ միութեան վարչութեան՝ իր հրատարակած շքեղ օրացոյցէն օրինակ մը խմբագրութեան նուիրելուն, ինչպէս նաեւ թերթին կատարած նիւթական նուիրատուութեան համար։