Այսօր Հալէպի Միջազգային օդակայան ժամանեց Դամասկոսի Միջազգային օդակայանէն թռիչք առած առաջին քաղաքային օդանաւը։

Առաջին այս թռիչքը փորձ կը համարուէր նախքան երկու օդակայաններուն միջեւ պաշտօնական թռիչքի վերաշխուժացումը։

Այս առիթով սուրիական անցումային կառավարութեան փոխադրութեան նախարար Պահաա ատտին Շարամ լրատուամիջոցներուն նախապէս յայտնած էր, որ աշխատանք կը տարուի սուրիական օդակայանները ամբողջովին պատրաստելու եւ նորոգութեան աշխատանքները ամբողջացնելու։