ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԱՐԱԶԴԱՏ ԼԱԼԱՅԵԱՆ՝ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Պահրէյնի մէջ իր աւարտին հասաւ ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքը, ուր +109 քկ. ծանրութիւն բարձրացնողներու պայքարին Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Լալայեան երկամարտի 467 քկ. արդիւնքով նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Պահրէյնը ներկայացնող ողոմպիական փոխախոյեան Գոռ Մինասեան 455 քկ.-ով գրաւեց չորրորդ դիրքը: Փարիզի ողոմպիական խաղերու փոխախոյեան, աշխարհի կրկնակի փոխախոյեան Վարազդատ Լալայեան պոկումի վարժութիւնը սկսաւ 206 քկ.-ով եւ յաջողութեամբ բարձրացուց ծանրաձողը: Երկրորդ մօտեցումին ան պոկեց 211 քկ., իսկ երրորդին՝ 215 քկ.: Այս վարժութեան Լալայեան առաջինն էր, որ նուաճեց ոսկի մետալ: Հրումի վարժութեան Լալայեան առաջին մօտեցումով բարձրացուց 245 քկ.: Երկրորդ մօտեցումին համար Փաշիկ Ալաւերտեան բարձրացուց 252 քկ.: Հրումի վարժութեան Վարազդատ Լալայեան յաջողութեամբ բարձրացուց 252 քկ.-ը եւ այս վարժութեան արժանացաւ պրոնզէ մետալի:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՈՒԵՖԱ-Ի ՏՈՒԳԱՆՔԻՆ
Եւրոպայի Ֆութպոլի կազմակերպութիւնը՝ ՈՒԵՖԱ-ն, 37.500 եւրոյով տուգանեց Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ՈՒԵՖԱ-ն Ֆարերեան կղզիներու դէմ խաղին ճայթուկներու օգտագործման համար տուգանած է Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը 20.000 եւրոյով եւ դասաւորած այնպէս, որ ազգային կազմի յառաջիկայ խաղին, ուր ՀՖՖ-ն պիտի դառնայ հիւրընկալող կողմ, փակ պահէ մարզադաշտի ընդհանուր առմամբ 500 նստատեղ՝ հարաւային եւ հարաւարեւելեան բաժիններէն ներս: Որոշումը պիտի գործադրուի 2 տարուան շրջանով՝ բոլոր տնային հանդիպումներու ընթացքին: ՀՖՖ-ն տուգանուած է նաեւ 17.500 եւրոյով՝ հանդիպման ընթացքին բարձրացուցած պաստառներուն համար:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՁԱԽՈՂ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Անգլիոյ առաջնութեան 16-րդ փուլի մրցումներուն, երկրի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին իր դաշտէն ներս հիւրընկալեց Մանչեսթըր Իւնայթըտը։ Սիթին անգամ մը եւս ձախողութեան մատնուելով կրեց 2 – 1 արդիւնքով պարտութիւն մը: 36-րդ վայրկեանին հանդիպման հաշիւը բացաւ Մանչեսթըր Սիթիի խրուաթ պաշտպան Եոշկո Կուարտիոլը։ Մանչեսթըր Իւնայթըտի փորթուկալացի կիսապաշտպան Պրունո Ֆերնանտես տուգանային հարուածով հաւասարութեան կոլը նշանակեց 88-րդ վայրկեանին։ 90-րդ վայրկեանին Մ. Իւնայթըտի յաղթական կոլը նշանակեց Ամատ Տիալոն։ Նշենք որ Մանչեսթըր Սիթի 27 կէտով Անգլիոյ ախոյեանութեան 16-րդ փուլի մրցումներուն 5-րդն է, իսկ Մանչեսթըր Իւնայթըտ 22 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան