Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին տօնը, մասնակցութեամբ՝ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու սարկաւագներուն, որոնք քահանայական սաղաւարտներ կրելով սպասարկեցին Ս. Խորանին։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան:
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեցին՝ եկեղեցիներու դպրաց դասերը, ղեկավարութեամբ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի։
Օրուան խորհուրդը ներկաներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ յայտնեց, թէ այսօր Ս. Ստեփանոս առաջին նախասարկաւագին եւ մարտիրոսին տօնն է, նաեւ տօնն է Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրեալ սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, դպիր-դպրուհիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը ծառայեն նոյն ոգիով եւ նուիրուածութեամբ:
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ հակիրճ կերպով յիշուած նահատակ սուրբին կենցաղին, անոր նկարագիրին եւ նուիրուածութեան, դիտել տալով, որ ժողովուրդին կողմէ վկայուած, ընտրուած եւ Յիսուսի աշակերտներուն կողմէ ձեռնադրուած եօթ սարկաւագներէն մէկն էր Ս. Ստեփանոսը, որ աստուածային շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն էր, իրմով հրաշքներ եւ նշաններ կը կատարուէին եւ իր կենցաղը տեսնելով՝ մարդիկ դարձի կու գային, կ’ապաշխարէին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին անդամ կը դառնային:
Սրբազան Հայրը պարզեց, թէ Ս. Ստեփանոսի երեսը հրեշտակի նման կը փայլէր, որ ինքնին աստուածային կենդանի ներկայութեան մարմնաւորումն էր եւ երբ քարկոծելով կը փորձեն սպանել զինք, ան կը տեսնէ երկինքը բացուած, Աստուած իր ամբողջական փառքով եւ Քրիստոս Աստուծոյ աջ կողմը կանգնած, որ ընդունի զինք իր արքայութենէն ներս: Ս. Ստեփանոս, քարկոծման պահուն իր ներքին անդորրութիւնը պահելով՝ Աստուծմէ ներում կը խնդրէ իրեն քարկոծողներուն համար:
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով սարկաւագներուն եւ մանաւանդ հաւատացեալներուն պատուիրեց, որ իբրեւ սարկաւագներ հոգեւոր իմաստով իրենց սրտերու սեղանին վրայ հոգեւոր պաշտամունք մատուցեն, ընթերցեն Աստուածաշունչը, ճանչնան Տէր Աստուածը եւ աստուածային իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ լեցուին, որպէսզի փոթորիկներուն դիմաց չընկրկին եւ իրենց վարքով քաջալերեն իրենց շրջապատը եւս: Ան յորդորեց սարկաւագները, որպէսզի Ստեփանոսի նման քաջ ըլլան եւ խնդրեն սուրբին բարեխօսութիւնը, որ Աստուած իրենց մէջ ներգործէ եւ իր կենդանի ներկայութեամբ Ս. Հոգիին եօթնարբեան շնորհքներով զարդարէ:
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց սարկաւագները եւ բոլոր անոնք, որոնք խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ աստուածային իմաստութեամբ ու զօրութեամբ լեցուած կը ծառայեն Աստուծոյ, մաղթելով, որ Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնը զգալով հրաշքներ գործուին իրենց կեանքէն ներս:
Սրբազան Հայրը, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի մասունքը կրող խաչով օրհնեց հաւատացեալները:
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ դպրաց դասերու անդամներուն կողմէ ներկայացուեցաւ հոգեւոր բնոյթի գեղարուեստական յայտագիր, գլխաւորութեամբ դպրապետ բարշ. բժ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի։
Սարկաւագներուն անունով ուղերձ արտասանեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ նորանշանակ դպրապետ բարշ. Վաչէ սրկ. Գայթանճեան:
Խօսք առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգատարութեան համար եւ շնորհաւորեց նուիրումով ծառայող սարկաւագները:
Այս առիթով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան Սրբազան Հօր նուիրեց ձեռաց խաչ, իսկ Տիկնաց Յանձնախումբին կողմէ՝ ձեռաց խաչի թաշկինակ:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով շնորհաւորեց բոլոր սարկաւագները, գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ առաւել ոյժ եւ կորով մաղթեց բոլորին:
Աւարտին եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն: