Սուրիոյ տարեվերջի ալեկոծ օրերը խուճապի մատնեցին ժողովուրդը, որովհետեւ զարգացումները ընթացան շատ արագ, իսկ առցանց հարթակները մերթ վախի, մերթ ապատեղեկատուութեան, մերթ ալ փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան առնչուող տարաբնոյթ լուրերով հանրային կարծիքը շփոթի մատնեցին։
Այս բոլորին մէջ «Գանձասար» շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ ամուր պահեց իր կապը համայնքի զաւակներուն հետ, մեկնակէտ ունենալով անոնց անվտանգութեան պահպանումն ու երկրէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին իրազեկումը, բայց մանաւանդ խուճապային տրամադրութեան յաղթահարումը։
Այս իմաստով «Գանձասար» առաջին օրերուն համայնքի զաւակները զսպուածութեան հրաւիրեց, այնուհետեւ հրապարակեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հանդարտութեան կոչը, համայնքէն ներս տեղի ունեցող բարեսիրական աշխատանքներուն հաղորդ պահեց համայնքի զաւակները իր տարբեր յայտարարութիւններով։ Ապա երկրէն ներս տեղի ունեցած իշխանափոխութեան ու անոր յաջորդող զարգացումներուն մասին առարկայական տեղեկութիւններ հաղորդեց, որպէսզի ըստ կարելւոյն մեր համայնքի զաւակները զերծ մնան ապատեղեկատուական կամ վախ ու սարսափ հրահրող լրատուութենէ կամ մեկնաբանութիւններէ եւ իրազեկ դառնան երկրի նոր իշխանութիւններու որոշումներուն եւ մօտեցումներուն։
Այս իմաստով հրապարակուեցան հայ համայնքապետներուն հետ նոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումներն ու անոնց ընթացքին արծարծուած նիւթերը։
Օրեր անց արդէն համայնքի եկեղեցիներն ու կրթական եւ միութենական հաստատութիւնները սկսան իրենց գործունէութիւնը։ «Գանձասար»-ը ներկայացուց համայնքէն ներս կեանքի աստիճանական բնականոնացման տուեալները՝ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Գամիշլիի մէջ, որպէսզի համայնքի զաւակները թօթափեն իրենց մտավախութիւններն ու վերադառնան իրենց սովորական կեանքին, իսկ փոքրամասնութիւններու մասին մերթ ընդ մերթ շրջանառութեան մէջ դրուող ապատեղեկատուութիւնը իմաստազրկուի։ Եկեղեցիներու եւ դպրոցներու առօրեան արտացոլաց թերթի լրատուութեան ճամբով։
Խմբագրութիւնը առաջին իսկ օրէն արձագանգեց հայաստանեան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցներուն եւս, որպէսզի գետնի վրայ տիրող իրականութիւնը իր հարազատ պատկերով, առարկայական լրատուութեամբ կարելի ըլլայ փոխանցել նաեւ հայրենի մամուլին։ Համայնքի լուրերը հաղորդելու եւ երկրէն ներս տիրող վիճակին, յատկապէս փոքրամասնութիւններու հետ նոր իշխանութիւններու դրական վերաբերմունքին  անդրադառնալու համար «Գանձասար»-ի խմբագիրին կողքին հայրենի լրատուամիջոցներու հարցազրոյցներուն ընդառաջեց Բերիոյ Հայոց Թեմի բանբեր Մարիա Գաբրիէլեան։
Սուրիան թեւակոխեց նոր փուլ, թօթափեց փտածութեան եւ բռնարարքներու սահմռկեցուցիչ էջերով լեցուն շրջան մը։ Անցումային կառավարութիւնը ամէն ջանք կը թափէ պետական կառոյցները վերաբանեցնելու եւ երկրէն ներս կայունութիւնը վերահաստատելու մինչեւ սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներու արդար մասնակցութեամբ  նոր կառավարութեան յառաջացումը։ Սուրիոյ տնտեսութիւնը, ներքին կայութիւնը, ենթակառոյցներու վերականգնումը, սահմանադրութեան վերամշակումը, արդարութեան հաստատումը, օրէնքներու, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մշակումը  ժամանակի կը կարօտին։
Այս միջոցին զգուշաւոր լաւատեսութեամբ պիտի զինուինք՝ մինչեւ կարգ ու կանոնի վերջնական հաստատումը։
Որպէս Սուրիոյ քաղաքացիներ, հաւատքով պիտի շարունակենք նայիլ ապագային, մասնակցիլ երկրի բարելաւման նպաստող ծրագիրներուն, համայնքային աշխատանքներուն, որպէսզի հաւաքաբար մեր դրական ներդրումը բերենք նոր Սուրիոյ կառուցումին։
«Գանձասար» իր կարգին պատասխանատու դերակատարութիւն ունի պատմական այս փուլին՝ համայնքի իրազեկութեան նպաստելու, Սուրիոյ մէջ համայնքի գործունէութեան հայելին դառնալու՝ անոր զաւակներու անվտանգութեան եւ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտապանութեան մեկնակէտէն ուղղուելով։
Բարի, խաղաղ եւ յաջողութիւններով լի տարի կը մաղթենք Սուրիոյ եւ անոր խաղաղասէր ժողովուրդին։