ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ 2025-Ի ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՍԵՂԱՆԸ

2025-ը օձի տարի է։ Օձը իմաստութեան, ողջախոհութեան խորհրդանիշ է։ Կանաչ գոյնը կապուած է աճի, նորութեան եւ ներդաշնակութեան հետ, իսկ փայտը կ’ընդգծէ կայունութիւն եւ ստեղծագործութիւն:
Օձի տարուան ամանորեան սեղանի հիմնական բաղադրիչներն են.
-Կանաչ բանջարեղէն եւ աղցաններ
Բանջարեղէնը կը խորհրդանշէ աճ, ներդաշնակութիւն եւ նորութիւն: Փայտէ օձի տարուան մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի կանաչ գոյնը, ուստի բանջարեղէնը, այս տարուան սեղանին անբաժանելի մէկ մասն է, որ կապուած է կենսունակութեան եւ առողջութեան հետ: Օրինակ՝ ամանորեան սեղանը կրնաք հարստացնել շոմինի աղցանով, ապա զարդարել զան ընկոյզով, ազատքեղով, սերմերով կամ կանաչ սխտորով: Չմոռնանք որ օձը կը սիրէ կանաչ գոյնը:
-Մսեղէնով ուտելիք
Միսը կը խորհրդանշէ հարստութիւն եւ բարգաւաճութիւն,ուստի աւելի լաւ է սահմանափակել ծանր մսային ուտեստները, կծու համեմները, խուսափիլ չափազանց ճարպային եւ քաղցր ուտելիքներէ, որոնք կը ծանրացնեն ստամոքսը: Մսեղէնով ճաշերուն մէջ անգամ օգտագործեցէ՛ք բանջարեղէն, առաւելութիւնը տուէ՛ք հաւու միսին, որպէսզի դիւրամարս ըլլան ձեր պատրաստած ճաշատեսակները։
-Ձուկ կամ ծովի մթերք
Ծովային մթերքը տօնական սեղանի անբաժան մասն է, կրնաք սեղանը հարստացնել կոճապղպեղով եւ սոյայի հիւթով խաշած կամ փուռը եփած ձուկով:
-Ընկոյզ եւ մեղր
Ընկոյզը կը խորհրդանշէ պաշտպանութիւն, իսկ մեղրը՝ կեանքի քաղցրութիւն: Անոնք նաեւ կը խորհրդանշեն  առատութիւն, զոր կը փափաքիք ունենալ եկող տարուան մէջ:
Աղանդերին անբաժան մասը դարձուցէ՛ք մեղրի եւ ընկոյզի տեսակով պատրաստութիւնները:
Այս մէկը կ’օգնէ, որ 2025 տարին դրական տրամադրութեամբ սկսիք:
-Պտուղներ
2025 թուականի Ամանորի գիշերը յատկապէս կարեւոր է սեղանին դնել կլոր պտուղներ՝ նարինջ եւ մանտարին, ինչպէս նաեւ խնձոր, որոնք բարեկեցութիւն կը խորհրդանշեն:
-Խմիչք
Այս տօնին յարմար են բնական թէյերը, բուսական ըմպելիները եւ հանքային ջուրը: Եթէ կը փափաքիք ոգելից ըմպելիներ օգտագործել, նախընտրելի են թեթեւ գինիները, շամբանիան կամ պտուղներով պատրաստուած հիւթերը:
-Սեղանի զարդեր
Սեղանի ձեւաւորումին մէջ պէտք է ներառէք կանաչ գոյնը, նաեւ ոսկեգոյնն ու արծաթագոյնը: Եթէ կարելիութիւն ունիք, տեղադրեցէք օձաձեւ մոմակալներ, որպէսզի յառաջիկայ տարին աւելի բարգաւաճ ըլլայ:
***

ԿԱՂԱՆԴԻ  ԾԱՌ  ՄԸ

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը – յետոյ զարդեր ծառին վրայ
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
  – Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ – ոչ ծառ ոչ ալ զարդ –
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան