ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԶԻՋԵՑԱՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆԸ
 Սպանիոյ առաջնութեան 18-րդ փուլի մրցումներուն, Պարսելոնան իր դաշտին վրայ ընդունեց  Աթլեթիքո Մատրիտը եւ զիջելով առաջնութեան դիրքը 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ: Հերթական երկրորդ մրցումը ըլլալով քաթալոնէական ակումբի մարզիչ Հէնզ Ֆլիք կը բացակայէր՝ պատիժ ստանալուն համար: Առաջին կիսախաղի 30-րդ վայրկեանին, Պարսելոնայի խաղացող Փետրի նշանակեց խումբին միակ կոլը, որմով աւարտեցաւ առաջին բաժինը: Դադարէն ետք, Սիմիոնէյի խաղացողները քանի մը յարձակումներէ ետք յաջողեցան նշանակել հաւասարութեան կոլը: Եթէ Պարսելոնան սոյն հանդիպումին յաջողէր օգտագործել իր կատարած յարձակումները, արժանի պիտի դառնար յաղթանակի, սակայն 96-րդ վայրկեանին Աթլեթիքո անսպասելի յարձակումով կրցաւ նշանակել երկրորդ կոլը եւ հանդիպումը աւարտել 2 – 1 արդիւնքով:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 18-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան Ռէալ Մատրիտ Սանթիակո Պերնապէյի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սեւիլիան եւ կրցաւ խաղը աւարտել յաղթական՝ 4 – 2 արդիւնքով: 10-րդ վայրկեանին, ֆրանսացի խաղացող Քիլիան Մպափէ հեռաւոր հարուածով մը նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը, որմէ 10 վայրկեան ետք Վալվերտին նոյնանման հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը: Ռէալի խիտ յարձակումները շարունակուեցան, 34-րդ վայրկեանին Ռոտրիկո արձանագրեց երրորդ կոլը: Նախքան դադարը, Սեւիլիոյ խաղացող Իսահակ Ռոմերո արձանագրեց կազմի առաջին կոլը: Երկրորդ կիսախաղին, Ռէալ շարունակեց յարձակողական ոճով եւ կրցաւ նշանակել յաջորդ կոլը՝ Իպրահիմ Տիազի միջոցաւ, որմէ ետք Անչելոթին կատարեց քանի մը խաղացողներու փոփոխութիւն: 86-րդ վայրկեանին,  Սեւիլիոյ խաղացող Թոթի Լուկեփակիո  նշանակեց կազմի երկրորդ կոլը, որմով աւարտեցաւ հանդիպումը՝ 4 – 2 արդիւնքով: Նշենք, որ ներկայիս Աթլեթիքո Մատրիտ 41 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, Ռէալը 40 կէտով՝ երկրորդը, իսկ Պարսելոնան 38 կէտով՝ երրորդը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան