Եղբ. Հանրի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, ապա համալսարանի շրջանաւարտ էր։ Դարձաւ բնագիտութեան  ուսուցիչ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս։ Շուրջ մէկ տարի վերջ արաբական մէկէ աւելի դպրոցներու մէջ դասաւանդեց երկար տարիներ շարունակ։
Եղբ. Հանրի, իբրեւ մարզիչ, ՀՄԸՄ-ի քարաթէի առաջին խումբը կը մարզէր։ 1973-ին մարզելով բաւական թիւով երիտասարդներ ու գործակցելով տեղւոյն պատասխանատու կազմին հետ, ախոյեանական մրցումներու մասնակից մեր սիրելի ՀՄԸՄ-ին դիրքը բարձրացնելու համար ճիգ չխնայեց։
Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի՛ Հանրի։
ՀՄԸՄ-ի քարաթէի պատասխանատու նախկին կազմէն՝
Աբիկ Պասմաճեան