Յանուն Սուրիոյ ազգային միասնակամութեան ամրապնդման եւ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու պահպանման, Սուրիոյ Տեղեկատուութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, որ սուրիական ընկերութեան մաս կազմող համայնքներուն միջեւ խռովութիւն եւ լարուածութիւն հրահրող լրատուութիւնը կ՚արգիլուի։
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ տեղեկատուական բոլոր միջոցներն ու լրագրողները պարտին գործել սուրիական ընկերութեան մասնիկներու եղբայրութեան եւ համակեցութեան արժանիքներու տարածման նախանձախնդրութեամբ, աւելցնելով, որ սոյն որոշումը խախտողները օրէնքով սահմանուած պատժական տնօրինումի պիտի արժանանան։