Հալէպի Ազգ. Մանկապարտէզի Կաղանդի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր առաւօտեան, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ սրբազան հօր, հայր սուրբերուն, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին, Ազգ.Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձական կազմին, աշակերտներու, ծնողներու եւ հրաւիրեալներու։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ մանկապարտիզպանուհիին բացման խօսքով, ապա փոքրիկները յայտագիրը սկսան գեղեցիկ մսուր մը կազմելով, որմէ ետք իրենց խանդավառ երգերով եւ արտասանութիւններով ճոխացուցին տօնական օրը։
Կաղանդ մամային եւ կաղանդ պապային ժամանումով փոքրերուն ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Ծաղիկ դասարանի փոքրիկները ներկայացուցին Ծնունդի Հեքիաթը եւ աւետեցին Յիսուս մանուկին ծնունդը։
Այս առիթով մանկապարտէզի հոգաբարձութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողաց ժրաջան յանձնախումբին, որ 2 շաբթուան ընթացքին գեղեցիկ ծածկոցներ պատրաստեց վաճառքի համար։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, որոնք «Տաքուկ Զգեստ» ծրագրով ուրախացուցին փոքրիկները։
Սրբազան հայրը այնուհետեւ օրհնեց փոքրիկները, զրուցեց անոնց հետ եւ տօնակատարութիւնը փակեց «Պահպանիչ» աղօթքով։