Երեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2024-ին, Սուրիոյ նոր վարչակազմի հրամանատար Ահմետ Շարհ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքապետներու պատուիրակութեան հետ։
Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր ու համայնքապետներու ներկայացուցիչներ։

Հանդիպումին մասին Մակար սրբազան հետեւեալը յայտնեց «Գանձասար»-ին.

«Նախ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակում, ապա ծանօթացում, որուն ընթացքին հոգեւոր պետերը ներկայացուցին իրենց եկեղեցին ու ժողովուրդը։ Այնուհետեւ յայտնեցին իրենց մտահոգութիւններն ու ապագայ Սուրիոյ վերաբերող իրենց տեսլականը, վստահեցնելով որ պատրաստ են համագործակցելու յանուն երկրի բարելաւման եւ ժողովուրդի բարօրութեան։

Հրամանատար Շարհ ներկայացուած հարցումներուն պատասխանելով շեշտեց, որ բոլորս
համագործակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ պիտի ջանանք անցումային այս շրջանը բոլորել ու երկրի բարելաւման սատարել, մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որուն պիտի վստահուի երկրի վերականգնումի հիմքերուն հաստատումը։
Շարհ հաստատեց, որ նոր իշխանութիւնը խտրութիւն չի դներ սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն միջեւ, որովհետեւ եկած է երկրին իրավիճակը բարելաւելու, աւելցնելով որ հիմնական բարեփոխումները, ինչպէս երկրի սահմանադրութեան վերամշակումը կամ ընտրութիւնները, ժամանակի կը կարօտին, հետեւաբար պէտք է գործակցիլ, համբերել, ձեռք-ձեռքի տալով աշխատիլ երկրի բարգաւաճման ու ժողովուրդի բարօրութեան համար»։