Ուրբաթ, 3 Յունուար 2025-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ հրամանատար Ահմետ Շարհի եւ Լիբանանի վաչապետ Նաճիպ Միքաթիի միջեւ։ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան իր բոլոր համայնքներով նեցուկ կը կանգնի Սուրիոյ ժողովուրդին` յանուն Սուրիոյ վերականգնումին, եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ սահմանային ապահովութեան ամրապնդման նպաստող գործակցութեան։

Իր կարգին հրամանատար Շարհ շեշտեց Լիբանանի եղբայր պետութեան հետ յարաբերութեան եւ սահմանային ապահովութեան գծով գործակցութեան կարեւորութիւնը, անդրադառնալով Սուրիան եւ Լիբանանը կամրջող երակարամեայ պատմութեան։