Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման աս-Սաֆատի հեռաձայնային կապ հաստատեց Սուրիոյ իր պաշտօնակից Ասաատ Շէյպանիի հետ, յայտնելով Յորդանանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին եւ պատրաստակամութիւնը Սուրիոյ վերականգնումի եւ ապահովութեան վերահաստատման աշխատանքներուն։
Նախարար աս-Սաֆատի փափաք յայտնեց Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան հետ գործակցելու` երկու եղբայր երկիրներուն սահմաններուն հսկելու, յայտնելով, որ Յորդանան հսկայ աշխատանք տարաւ տապալող համակարգին օրերուն թմրանիւթի առեւտուրին դէմ պայքարելու գծով։
Իր կարգին նախարար Շէյպանի անդրադարձաւ երկու եղբայր երկիրներու դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութեան, բարձր գնահատելով Յորդանանի կեցուածքը։