Սուրիոյ անցումային կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի առաջին պաշտօնական այցելութեամբ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա ժամանեց։ Նախարարին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրա և Գլխաւոր հետախուզութեան ղեկավար Անաս Խաթապ։

Այցելութիւնը, ՍԱՆԱ-ի համաձայն, տեղի կ՚ունենայ քննարկելու երկու երկիրներու համագործակցութեան հեռանկարները։