ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ՆՈՐ ԵՌԱՆԴՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ
Ամէն տարի բոլորս մեծ ակնկալիքներով կը սպասենք Ամանորը: Հակառակ այս տրամադրութեան, օրեր անց կը նկատենք, որ մեր ակնկալութիւններու մեծ մասը իրականացնելը դժուար դարձած է ու կը սկսինք տրտմիլ՝ դէմ առ դէմ գալով իրականութեան։
Կարելի՞ է ուրեմն Ամանորը իսկապէս տօն դարձնել եւ վերադարձնել հեքիաթի, հրաշքներու գոյութեան այն հաճելի զգացումները, որոնք ապրած ենք մեր մանկութեան օրերուն: Անշուշտ կարելի է, պարզապէս պէտք է հետեւիլ քանի մը պարզ կանոններու.
– Կազմեցէ՛ք իղձերու ցուցակ մը: Առէ՛ք ձեր նօթատետրն ու մատիտը, նստեցէ՛ք տօնածառին քով եւ գրեցէ՛ք ձեր իղձերը։
– Ծրագիր մշակեցէ՛ք: Ձեր հարազատներուն եւ ընկերներուն հետ կազմակերպեցէ՛ք զուարճալի պահեր տարուան առաջին օրերուն։
– Փոխեցէ՛ք տան մթնոլորտը: Կատարեցէ՛ք կահոյքի տեղափոխութիւն, թարմացուցէ՛ք վարագոյրները, տան պաստառները, նկարները եւ այլն:
– Տարուան սկիզբը նոր բան մը գնեցէ՛ք տան համար։ Տան մէջ ձեր առօրեան փոխել փորձեցէ՛ք անսովոր եւ հաճելի դարձնելով զայն։ Նոր կահոյք մը կամ խոհանոցային իր մը, կամ ծաղկաման մը գնեցէ՛ք ու նոր հրապոյր մը տուէք ձեր բնակարանին։
– Ստեղծեցէ՛ք Ձեր ծրագիրները յիշեցնող պատկերներ կամ գիրքեր կարդացէ՛ք։ Եթէ կ’ուզէք նոր աշխատանք ունենալ, այդ աշխատանքին վերաբերող գիրքեր կարդացէ՛ք, պատկերներ դիտեցէ՛ք, համացանցէն քաղուած նիւթերէ օգտուեցէ՛ք ու դուք ձեզ կատարելագործեցէ՛ք այդ առումով։
Տարուան ընթացքին հետեւողականօրէն բարելաւեցէ՛ք ձեր մակարդակը, որպէսզի աւելի հմուտ դառնաք ձեր նախասիրած ասպարէզին մէջ ու պատրաստ ըլլաք նոր հանգրուան մը թեւակոխելու։
Այսպիսի մօտեցում ունենալով իսկապէս կը նորոգուիք Նոր տարուան հետ։
Բարի Ամանոր։
***
Խոհագիր
————-
ԱՆԻՍՈՆՈՎ ԿՐԿՆԵՓՈՒԿ
Բաղադրութիւն
4 հաւկիթ
3 գաւաթ ալիւր
1 գաւաթ ձէթ
1 գաւաթ շաքար
3 ապուրի դգալ անիսոն
1 ապուրի դգալ փխրեցուցիչ (B.P.)
1 թէյի դգալ վանել
Պատրաստութիւն
Նախ հարել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, ձէթն ու վանիլը եւ շարունակել հարել գործիքով, մինչեւ որ միատարր զանգուածի մը վերածուի։
Աւելցնել ալիւրը, անիսոնն ու փխրեցուցիչը եւ շարունակել խառնել փայտեայ դգալով։ Ապա ձեռքով շաղել խմորը։
Փուռի ափսէին մէջ ձէթ քսել եւ խմորը վրան տարածել, ձեր ձեռքերը եւս ձէթին թաթխելով հաւասարապէս տարածել խմորը ափսէին մէջ ու եփել շուրջ 30 վայրկեան։ Ապա հանել փուռէն եւ տաք վիճակի մէջ փոքր կտորներու վերածել ու տեղաւորել ափսէի մը մէջ։
Բարի ախորժակ։