ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ԵՂԻՇԷ ՄԵԼԻՔԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի ֆութպոլի դաշնութիւնը յայտարարեց  Հայաստանի 2024 թուականի լաւագոյն մարզիչի քուէարկութեան արդիւնքը: Հայաստանի 2024 թուականի լաւագոյն ֆութպոլային մարզիչ  ընտրուեցաւ «Փիւնիկ»-ի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան, որ հաւաքեց  92 կէտ:  Երկրորդ դիրքը 67 կէտով զբաղեցուց «Նոա»-ի գլխաւոր մարզիչ Ռուի Մոտան:  23 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց  «Արարատ-Արմենիա»-ի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան:

 

ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի ֆութպոլի տարեկան ընտրութիւններու քուէարկութեան աւարտական արդիւնքին համաձայն, Հայաստանի հաւաքականի նախկին խաղացող Իտալիոյ Ինթըր Միլանի յարձակողական մարզիկ Հենրիկ Մխիթարեան դարձաւ 2024 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիստ։ Մխիթարեան՝ 87 կէտով կրցաւ 12-րդ անգամ դառնալ Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը, իրեն յաջորդեց Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Սլովաքիոյ «Սլովան»-ի կիսապաշտպան Տիգրան Բարսեղեան՝ 62 կէտով:

24 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական «Կրասնոտար»-ի կիսապաշտպան Եդուարդ Սպերցեան:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ  ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՍԱԼԱՀԻ ՀԵՏ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անգլիական Լիվըրփուլ եւ եգիպտացի յարձակող Մուհամմետ Սալահ համաձայնութեան հասնելով երկարաձգեցին իրենց միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնը: Ըստ անգլիական ակումբի կայքին, կողմերը համաձայնեցան երկու տարիով երկարաձգել պայմանագրութեան ժամանակաշրջանը։ Նոյն տեղեկութիւնը յայտնեց նաեւ  Football Insider-ը: Վճարման մանրամասնութիւնները յայտնի չեն։ Պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ  յառաջիկայ օրերուն։

Աւելցնենք, որ ընթացիկ մրցաշրջանին Սալահ մասնակցած է 26 հանդիպումի, նշանակած  է 20 կոլ եւ կատարած՝ 17 կոլային փոխանցում:

Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան