2025-ին Սուրիան կը ներկայանայ նոր պատկերով։ Արտաքին թէ ներքին ազդակներու ներգործութեամբ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւելի քան վաթսուն տարուան կեանք ունեցող վարչակարգի տապալում, իսկ նոր իշխանութիւնները կը ջանան երկիրը բարելաւման առաջնորդել՝ վերջ տալու փտածութեան, անարդարութեան եւ ժողովուրդի բազմատեսակ զրկանքներուն։

Սուրիոյ վերջին զարգացումները որքան ալ անորոշութեամբ յղի ու ենթակայ ըլլան տարածաշրջանային թէ համաշխարհային ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին, ներքին կայունութիւնն ու ժողովուրդի միասնականութիւնը գլխաւոր երաշխիքը կրնան հանդիսանալ Սուրիոյ ո՛չ միայն վերականգնումի, բարգաւաճումի, այլեւ ժողովրդավարացման հեռանկարներու  քայլ առ քայլ իրականացման։
Այս իմաստով կարեւոր է սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութինը պետութեան ամրապնդման ու ներքին ապահովութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ձգտող ծրագիրներուն։
Հայեր, որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, պատմութեան տարբեր փուլերուն նշանակելի ներդրում ունեցած են Սուրիոյ տնտեսական, արդիւնաբերական, առողջապահական, մշակութային եւ այլ մարզերու զարգացման մէջ։
Պատմութեան էջերը հարուստ են վկայութիւններով եւ օրինակներով։  Սուրիոյ ժողովուրդի տարբեր շերտերը եւս հայութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են պատմութեան տարբեր փուլերուն։
Սուրիոյ ժողովուրդը ընտրեց ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան ուղին, պայքարեցաւ իր արեան գնով փտածութեան ու անարդարութեան դէմ, ու այսօր կը ջանայ վերակառուցել Սուրիան՝ աւելի ազատ ու ժողովրդավար դիմագիծ մը ջանալով տալ անոր։
Այս գործընթացը սակայն բաւական բարդ է ու երկար ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ սուրիական հարցը  կնճռոտ է ու հանգուցային։  Սուրիական ընկերութեան կայունութեան, սահմանադրութեան վերամշակման ու օրէնքներու վերահաստատման անհրաժեշտութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ երկրի նոր իշխանութիւններուն վրայ։
Հայութիւնը եւս ունի պարտաւորութիւն եւ իրաւունք մասնակցելու փոխանցման այս փուլին տարուող աշխատանքներուն։ Վախի եւ անորոշութեան մօտեցումները մէկ կողմ թողած, կարեւոր կը համարենք մասնակից դառնալ ու մեր ներդրումը բերել Սուրիոյ պետութեան ամրապնդման ու ժողովուրդի բարօրութեան նպաստող աշխատանքներուն, միեւնոյն ատեն պահպանուած տեսնել քաղաքացիական մեր իրաւունքները։
Այս իմաստով ողջունելի են նոր իշխանութիւններուն ծանօթացման եւ պատկերի յստակացման նպաստող հանդիպումները համայնքի պատասխանատուներուն կամ հոգեւոր պետերուն հետ, որոնց ընթացքին աշխատանքի ուրուագիծեր կրնան յառաջանալ, հետեւաբար համայնքը իր դերն ու ներդրումը վերարժեւորելու եւ վերակենսաւորելու խնդիր ունի պարզուած նոր իրավիճակին ընդառաջ։
Պէտք չէ դանդաղիլ կամ կրաւորական մօտեցում ցուցաբերել՝ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը պահելով մէկտեղ։
Նոր իրավիճակին համապատասխան ծրագիրներ մշակելու, քաղաքական սրընթաց զարգացումները ճիշդ գնահատելու, միասնակամ աշխատելու եւ համապատասխան կշռոյթով գործելու հրամայականին առջեւ ենք այսօր։