Նոր տարիէն քանի մը օր ետք, երբ դէմ
յանդիման կը գտնուինք մեր Տիրոջ եւ
Փրկիչին` ՏԷր Յիսուս Քրիստոսի Ս.
Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան
տօնին, եկէք անդրադառնանք, որ
անժամանակն Աստուած մեզ
ժամանակին մէջ եւ ժամանակէն անդին
առաջնորդելով` յաւիտենական կեանքի
վայելումին կը հրաւիրէ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը եւ Անոր
Աստուածայայտնութիւնը Հայ եկեղեցիի
աւանդոյթին մէջ միաւորուած են՝ որպէս
մէկ ամբողջականութիւն, որ կը խօսի ոչ
միայն Յիսուսի ծնունդի մասին, այլեւ
Անոր աշխարհին յայտնութեան՝ որպէս
լոյս եւ փրկիչ: «Որ խաւարի մէջ կը
լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա
չճանչցաւ» (Յովհաննու 1.5):
Այսօր կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ
լեցուն է փոփոխութիւններով,
տագնապներով եւ անորոշութեամբ: Տէր
Յիսուսի Ծնունդը կու գայ իբրեւ
պատասխանը մեզ շրջապատող խաւար
աշխարհին: «Եթէ Աստուած մեր կողմն է,
ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ»
(Հռովմայեցիս 8.31):
Աստուծոյ ծրագիրը իրականութեան եւ
ամբողջականութեան կը հասնի, երբ որ
դրականապէս անդրադարձ կ’ունենանք
մեզի տրուած աւետիսին, պատգամին եւ
նախաձեռնութեան։
Միջին Արեւելքը, ուրտեղ դարերու
ընթացքին աճեցաւ ու տարածուեցաւ
Աստւծոյ խօսքը, կը կենայ
ապակայունութեան ու վերականգնումի
խաչմերուկի դիմաց: Այս
տարածաշրջանը՝ ի մասնաւորի Սուրիան
ու Լիբանանը իրենց հետ կը բերեն ոչ
միայն հնագոյն քրիստոնէական
հաւատքի արմատներ, այլեւ
մարտահրաւէրներ ու անորոշութեան նոր
շրջաններ: Աստուածաշնչական
թելադրականութեամբ կու գանք
վերյիշելու որ խաւարի պահուն՝ լոյսը կը
պայծառանայ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդի
մարդեղութեան պատմութիւնը մեզ կը
յիշեցնէ, որ Ան յայտնուեցաւ ժամանակի
մը մէջ, ուրտեղ եւս կային
անարդարութիւններ եւ տառապանքներ:
Սակայն Աստուած ճեղքելով
պատմութիւնը եւ ղրկելով իր միածինը
Աշխարհ, որպէսզի միախառնուի
մարդկային բնութեան վրայ երկարած
տառապանքին, անարդարութեան ու
զրկանքին՝ պարգեւէ փրկութիւն եւ մեղքի
գերութենէ ազատագրութիւն:
Մարդացած Աստուածորդին՝ Տէր Յիսուս
Քրիստոսը, որպէս Փրկիչ ընդունելով է, որ
մարդիկ կրնան խաղաղութիւն ունենալ
Աստուծոյ հետ եւ ատկէ ետք
բարեհաճութիւն եւ բարեացակամութիւն
ունենալ իրենց նմաններուն հետ։ Ա՛յդ է
պայմանադիր ազդակը իրականացնելու՝
Բեթլեհէմի հովիւներուն լսած հրեշտակաց
աւետիսը՝ «Երկնքի բարձրութեան մէջ
Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ
խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»
(Ղուկաս 2։14)։
Մոգերուն այցելութիւնը մեզ կը յորդորէ
շարունակելու մեր որոնումները՝ միշտ
հետեւելով աստղին, որ մեզ կ’առաջնորդէ
դէպի Աստուածորդի: Այդ աստղը լոյս է ոչ
միայն անձնական հոգեւոր կեանքի
համար, այլեւ մեր ժողովուրդին եւ ազգին
համար:
Աստուած մեզ հետ է ոչ միայն մեր
ուրախութեան պահերուն, այլեւ մեր
դժուարութիւններուն մէջ: Անոր լոյսը միշտ
կը լուսաւորէ անոնց, որոնք պատրաստ
են ընդունելու եւ տեսնելու զայն:
Սիրելինե՛ր, եկէք արտօնենք, որ Տէր
Յիսուս Քրիստոսի լոյսը անգամ մը եւս
շողայ մեր սրտերուն մէջ, շարունակաբար
լուսաւորէ մեր մթագնած կեանքն ու
խաւարած աշխարհը, նորոգէ մեր յոյսը եւ
առաջնորդէ մեր անհատական,
եկեղեցական ու ազգային կեանքը՝ դէպի
Աստուծոյ մեզի համար վերապահած
օրհնեալ ապագան:
Թող Ամենակալն Աստուած օրհնէ մեր
ընտանիքները, մեր ժողովուրդը, մեր
եկեղեցիները եւ մեր ազգը։ Թող մեզի տայ
այն ուժը, որ այս ուրախ առիթով, անվախ
եւ վստահութեամբ, մենք զմեզ ողջունենք
եւ ըսենք՝
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի, մեզի
եւ համայն մարդկութեան մեծ Աւետիս»։
Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն
Սելիմեան
Համայնքապետ
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի