Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հոգեկան ցնծութեամբ, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններու եկեղեցիներէն ներս:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեցին՝
* Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան
* Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան
* Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան
* Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան
* Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ՝ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան
* Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան
* Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան
* Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի: Ձեզի մեզի մեծ աւետիս: