Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Եկիր ի փրկութիւն ազգի մարդկան,
Թագաւոր փառաց, Քո անճառ խոնարհութեամբդ»
(Շարական):

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան լուսաշող տօնին, համախմբուած մեր սուրբ եկեղեցիներու կամարներու ներքոյ, կը փառաբանենք Բարձրեալ Աստծուն, որ մարդկութեան հանդէպ անհուն սիրով ու ողորմութեամբ ուղարկեց Իր Միածին Որդին՝ ազատելու մարդ արարածին մեղքէն ու մահուան կապանքներէն։ «Փառքի Թագաւոր, Քո անճառ խոնարհութեամբդ եկար մարդկութեան փրկութեան համար» – կ’օրհներգէ շարականագիրը:

Այսօր Սուրբ Ծննդեան հրաշազարդ իրադարձութիւնն է վերստին կը յառնէ մեր հայեացքին առջեւ։ Երկնային բարձունքներու մէջ գահին բազմող Փառքի Թագաւորը կը ծնի աղքատիկ մսուրի մէջ։ Փրկիչի Ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսին ունկնդիր՝ պարզասիրտ հովիւները կը խոնարհին Մանուկ Աստուածորդիին առջեւ։ Իմաստուն մոգերը կ’երկրպագեն Փրկիչին, Որ աստուածային խնամքով մարդկութիւնը կ’առաջնորդէ դէպի բարիք, հաճութիւն ու համերաշխութիւն։

Աստուածորդիի հրաշափառ Սուրբ Ծնունդը անճառելի խորհուրդ է՝ միտքին անհասանելի, բայց հաւատքով ճանաչելի եւ ընկալելի։ Փրկիչը խոնարհեցաւ եւ մարմին առաւ նիւթականէն դէպի հոգեւորն ու աստուածայինը բարձրացնելու մարդկային սրտերն ու մտքերը։ Անմահը մահկանացու դարձաւ՝ ճշմարիտ կեանքի եւ յաւիտենութեան ճանապարհը ցոյց տալու մարդկութեան՝ համաձայն Իր խօսքին. «Ես եմ Ճանապարհը եւ Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» (Յովհ. 14.6)։ Այսօր ալ բեթլէհեմեան պայծառափայլ աստղը փորձութիւններով խռովայոյզ աշխարհի մէջ փրկութեան յոյսի ճանապարհը կ’ուղենշէ։ Սուրբ Ծննդեան գիշերը կը վկայէ, որ անգամ նեղութիւններու խաւարին մէջ կը փայլատակէ Աստուծոյ լոյսը, կը ծագի Արդարութեան Արեգակը, ինչպէս կ’անուանուի Քրիստոս շարականներու եւ մարգարէութեան մէջ (Մաղաք. 4.2)։

Քրիստոսին ընդառաջ երթալը, Անոր պատուիրաններով ապրիլը կը վեհացնէ եւ կը զօրացնէ անձերը ու ժողովուրդները, արժանի կը դարձնէ աստուածային պարգեւներու եւ օրհնութիւններու։ Խանձարուրով պարուրուած Աստուածորդին ընդունելով մարդը կը զգեստաւորուի փրկութեան շնորհով, որ հաւատացեալի կեանքին մէջ կը բխեցնէ երկնառաք բարիքներու աղբիւրը։ Աստուածամերժ ընթացքները, սակայն, մարդկութիւնը կը կանգնեցնեն չարիքներու եւ կործանարար սպառնալիքներու առջեւ։

Այսօր ամէնքս ականատես ենք Աստուծմէ հեռացող աշխարհի դառնագին իրականութեան՝ նիւթականի պաշտամունք, քաղաքական ու տնտեսական շահեր, տիրապետելու մոլուցք, որոնց կը զոհաբերուին անհատի եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, բարոյականութեան սկզբունքները, համամարդկային խաղաղ համակեցութիւնը, երջանկութիւնն ու բարիքը։ Այս արհաւիրքներուն հետեւանքով մարդկութիւնը յայտնուած է աղէտալի իրողութիւններուն առջեւ՝ պատերազմներ, զոհեր ու աւերածութիւններ, կարիքի ու դժուարութիւններու մէջ հասակ առնող որբացեալ եւ անօթեւան երեխաներ, հակամարտութիւններու դաժան պայմաններու մէջ գոյատեւող, գաղթական դարձած ընտանիքներ։ Այսպիսի տագնապալի իրավիճակները հրամայական կը դարձնեն աշխարհի բարեփոխումն ու ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութիւնը, որ մշտապէս կը պատգամուի Մանուկ Աստուածորդիի Սուրբ Ծննդեան՝ «Յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ. 2.14) հրեշտակաձայն օրհներգութեամբ։

Սիրելիներ, աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ ծանր փորձութիւններու ենթարկուեցաւ մեր ժողովուրդը՝ բռնազաւթուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ Արցախը, գրաւուած կը մնան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, տակաւին գերութեան մէջ են եւ անյայտ կորսուած մեր բազում զաւակներ, Ատրպէյճանի կողմէն կը շարունակեն հնչել նորանոր պահանջներ ու սպառնալիքներ։ Այսօր մեր երկիրը խռովայոյզ է ներքին հարցերով՝ կեղծիք, անօրինականութիւն, չարակամութիւն, քինախնդրութիւն, արատաւոր երեւոյթներ, որոնք հասարակութեան մէջ պատճառ կը դառնան անվստահութեան, անտարբերութեան, թշնամանքի ու պառակտումի եւ կը յանգեցնէ ազգի տկարացման։ Այս ամէնուն զուգընթաց քրիստոնէական բարոյական ընկալումներու եւ ազգային-հոգեւոր աւանդական արժէքներու խեղաթիւրումը կ’աղճատէ մեր ժողովուրդի ինքնութեան դիմագիծը, կը թուլացնէ ազգային ոգին, կը ներքաշէ դէպի մեղքի, յուսահատութեան որոգայթներ։ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով մեզ վերստին երկնային հրաւէրը կ’ուղղուի՝ ընթանալու սիրոյ, հաշտութեան, արդարութեան տէրունաւանդ ճանապարհով։ Այս կոչը իրագործելի է միայն քրիստոնէական կենսակերպով։ Այս կոչը իրագործելի է, եթէ անձնական բարեկեցութեան ու յարմարաւէտութեան չզոհաբերենք մեր ինքնութիւնը, ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի բարօրութիւնը։ Չենք կրնայ ծառայել համընդհանուր բարիքին՝ տրուելով փառասիրութեան ու իշխանատենչութեան եւ առաջնայնութիւն տալով սեփական շահերուն։ Մենք՝ որպէս ազգ, ըլլայ հայրենիքի, թէ սփիւռքի մէջ, կը յաջողինք, եթէ միշտ հաւատարիմ մնանք Քրիստոսին, Անոր վարդապետութեան, ընթանանք Աստուծոյ Խօսքին եւ աստուածային կամքին համաձայն, ձերբազատուինք մոլորեցնող ու բաժանարար մարդկային նենգամտութենէն։ Միաբանուինք յանուն մեր պետութեան անսասանութեան եւ անվտանգութեան, Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն նկատմամբ արդարութեան վերականգնումին, յանուն մեր ազգի ու հայրենիքի ապահով եւ բարօր յարատեւութեան։ Ըլլանք իրարու գործակից եւ ոչ՝ հակառակորդ, ըլլանք նախանձախնդիր ծառայելու եւ ոչ՝ դիրքն ու հանգամանքը չարաշահելու մէջ։ Տարագիր չդառնանք մեր երկրէն, ապրինք ու արարենք մեր հարազատ բնօրրանին մէջ։ Երեխաներուն նոր ծնունդով, արժանաւոր զաւակներու դաստիարակութեամբ հզօրացնենք մեր ազգն ու հայրենիքը։ Իւրաքանչիւրս մեր կարողութեան չափով ներդրում բերենք համազգային կեանքի յառաջընթացին՝ ի պայծառութիւն մեր պետութեան եւ ի շահ մեր ժողովուրդի լուսաւոր գալիքին։

Սուրբ Ծննդեան ուրախալի աւետիսով կ’ողջունենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը, Կոստանդնուպոլսի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտապահ ողջ հոգեւոր դասը: Մեր ողջույնը կը յղենք ի Քրիստոս Մեր հոգեւոր եղբայրներուն՝ քոյր Եկեղեցիներու Պետերուն եւ հաւատաւոր իրենց հօտին: Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք համայն մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիռս աշխարհին:

Սուրբ Ծննդեան հոգենորոգ այս օրը միասնաբար աղօթք մատուցենք մարդեղացեալ Աստուածորդին եւ հայցենք, որ առատ ըլլան երկնահեղ օրհնութիւնները ազգային ու հայրենական մեր անդաստանին մէջ, հաստատուն մնան տէրունաւանդ հաւատքը, յոյսն ու սէրը մեր կեանքին մէջ։ Խնդրենք Երկնաւոր Տիրոջ զօրակցութիւնը մեծ կորուստներ կրած եւ հարազատ բնօրրանէն զրկուած արցախահայութեան։ Խնդրենք Ամենակալէն, որ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն հաստատուի ողջ աշխարհի եւ հայրենի մեր երկրին մէջ։ Թող Աստուծոյ ամենախնամ Աջը եւ Սուրբ Ծննդեան կենարար շնորհները մշտապէս հովանի ըլլան համայն մեր ժողովուրդին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։