Երեքշաբթի, 7 Յունուարին Դամասկոսի միջազգային օդակայանը նորոգուելէն վերջ բանիլ սկսաւ։ Առաւօտուն առաջին քաղաքացիական օդանաւին թռիչքը ուղղուեցաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաք։
Նոյն օրը, կէսօրին, Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայէն օդանաւ մը հասաւ օդակայան՝ մեկնարկը կատարելով Քաթար-Սուրիա աւելի քան 13 տարիէ ի վեր դադրած քաղաքացիական թռիչքներուն։
Նոյն օրը, հրամանատար Շարաա այցելեց օդակայան՝ ստուգելու աշխատանքներու բնականոն ընթացքը։
Օդակայանի վերաբացումը տեղի ունեցաւ քաղաքացիական թռիչքներու եւ օդային փոխադրութեան մարմնի պատասխանատու Աշհատ աշ-Շալիպիի ՍԱՆԱ-ին տուած հարցազրոյցէն ետք, ուր ան հաստատեց, որ Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդակայանները գործընկերներու օգնութեամբ լիովին վերանորոգուած են եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններ կրնան սկսիլ իրենց բնականոն թռիչքները դէպի Սուրիա եւ Սուրիայէն դէպի այլ երկիրներ։