Նոր տարուան առիթով, կը փոխանցենք մեր շնորհաւորանքը ձեզմէ իւրաքանչիւրը: Ընթացիկ տարին եղաւ մարտահրաւէրներու եւ իրագործումներու տարի մը, իսկ ձեր նուիրումն ու կարեկցութիւնը եղան փարոսներ` ծանր եւ դժուարին ժամանակներու ընթացքին: Երբ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, դուք օժանդակութեան ձեռք երկարեցիք` կարիքաւորներուն յոյս եւ քաջալերանք ցոյց տալով:
ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը շնորհակալ է բոլոր անոնցմէ, որոնք կը մարմնաւորեն ծառայութեան իսկական ոգին: Ձեր յանձնառութիւնը, ուժն ու միասնականութիւնը եղան ներշնչման աղբիւրներ եւ մեր կազմակերպութիւնը ուժեղ պահեցին: Մենք շնորհակալ ենք մեր զօրակիցներէն` իրենց անվերապահ աջակցութեան եւ հաւատքին համար` հանդէպ մեր առաքելութեան: Իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն մեծ եւ իմաստալից ազդեցութիւն ձգեց բազմաթիւ անձերու վրայ` անգամ մը եւս փաստելով գթութեան եւ առատաձեռնութեան անսահման ուժը:
Մինչ կը պատրաստուինք մեր կազմակերպութեան 115-ամեակին, կը գնահատենք կտակը մեր հիմնադիր սերունդին, որուն արիութիւնն ու տեսիլքը ընթացք տուին հարիւր տարի առաջ մեկնարկած մեր երթին: Խորապէս կը հաւատանք, որ ապագային իրերայաջորդ սերունդներ մեր գործը պիտի շարունակեն` յառաջ տանելով միասնականութեան արժէքները, կարեկցութիւնն ու կամաւոր աշխատանքը, որ մեր առաքելութեան հիմքն է:
Նոր տարին կը դիմաւորենք տոկունութեամբ եւ դժուարութիւնը յաղթահարելու խոր յանձնառութեամբ: Խորապէս կը հաւատանք, որ միասնաբար կրնանք դիմագրաւել որեւէ մարտահրաւէր եւ նոյնիսկ կրնանք նոր գագաթներ նուաճել:
Խոր գնահատանքով` ձեզի կը մաղթենք ուրախ Սուրբ Ծնունդ եւ խաղաղութեամբ, առողջութեամբ եւ յոյսով պարուրուած Նոր տարի մը:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ